Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժաք Նորաշխարհեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ. Գերագոյն Զոհաբերութեամբ Ծառայասիրութեան Նորագոյն Տիպարը

Օգոստոս 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պատմութեան մայր էջին վրայ կը մնան միա՛յն անոնք, որոնք տուած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման եւ սրբազան նպատակներու ու վեհ իտէալներու իրականացման: Ա՛յս կը վկայէ պատմութիւնը»:

«Վերջապէս, Քրիստոս մարդուն կողմէ իր նմանին կատարուած ծառայութիւնը կ՛ընդունի որպէս իրե՛ն կատարուած ծառայութիւն. «կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40)»:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ 
1 յունուար 2016,
Անթիլիաս, Լիբանան

jack-norashkharian_80616Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն յուզիչ դէպքէն, երբ Նորաշխարհեան ընտանիքը ֆիզիքապէս կորսնցուց իր երեք մանչերէն մէկը` 21-ամեայ Ժաքը: Լիբանանեան Ժիպէյլի ծովափին եղբօրը եւ բարեկամներուն հետ զովանալու գացած Ժաք, ինքնաբուխ ծառայասիրութեամբ եղբօրը հետ փութաց ծով` անսալով խեղդուելու վտանգին տակ գտնուող երկու անծանօթ «ծովակից»-ներու օգնութեան կանչերուն: Անծանօթ երկու տղաքը փրկուեցան ու ծովափ վերադարձան շնորհիւ Ժաքին եւ իր եղբօր հերոսական զոհաբերութեան: Վերադարձաւ նաեւ Ժաքին եղբայրը` Նշանը: Սակայն Ժաք մնաց հոն, ծովուն խորքը, կլանուած` Միջերկրականի ոլորապտոյտ, ահաւոր հոսանքէն, եւ աւելի ուշ անոր անշնչացած մարմինը ծփաց Միջերկրականի երեսին:

Ժաքն ու անոր հարազատները հարուածած այս դառն ողբերգութիւնը առաջինը չէ, ոչ ալ` վերջինը: Մեր ընկերութեան ու յատկապէս լիբանանահայ իրականութեան մէջ ծառայասիրութեան, զոհաբերութեան, տկարն ու անկարը պաշտպանելու նախընթացները շատ են, թէեւ` տարբեր պայմաններու, տարբեր պիտակներու տակ:

Այս կեցուածքներուն նորագոյն օրինակը տուաւ Ժաք, երբ եղբօրը հետ  փութաց օգնելու իրեն անծանօթ «ծովակից»-ներուն, անոնց պարգեւելով նոր կեանք մը: Մինչդեռ ինք մնաց հոն, ծովուն խորքը, «դէպի երկինք իր ժպտադէմ  հայեացքով» բաժնուելով իր հարազատներէն, ինչպէս նշած էր իրեն հետ եղող ու զինք վերջին անգամ տեսած իր եղբարը:

Վստահաբար ծնողքի մը համար ոչինչ կրնայ ամոքել իր զաւկի կորուստին դառնութիւնը: Սակայն, ինչպէս կ՛ըսեն, «մահն իր ճամբով, կեանքն իր ճամբով»: Փաստօրէն, մարդիկ իրենց կեանքին մեծ մասը կը տրամադրեն ուրախացնելու համար իրենց հարազատները, սիրելիները, չվշտացնելու զանոնք ու անոնցմէ ծածկելով ամէն վիշտ ու դառն զգացում: Վստահաբար նաեւ Ժաքին հարազատները, իրենց այս դառն կորուստի վիշտը ծածկելով, սուգը յաղթահարելով, վերստին «ոտքի ելլելով»  կեանքը շարունակելու իրենց վճռակամութեամբ պիտի ուրախացնեն Ժաքը, որպէսզի ան շարունակէ ժպտադէմ գոհունակութեամբ հետեւիլ  իրենց ու հանգիստ, ուրախ ու երջանի՛կ ըլլայ իր երկնային բարձունքին մէջ: Որովհետեւ Ժաք ի՛նքն ալ նոյնը պիտի ընէր եւ միշտ պիտի փորձէր իր վիշտն ու ցաւը ծածկել իր ծնողքէն ու հարազատներէն, որպէսզի չվշտացնէ զանոնք` «բան մը չունիմ, հանգիստ եմ» ըսելով:

Այլ խօսքով, հերթը, մարտահրաւէրը Ժաքի հարազատներուն, մանաւանդ որդեկորոյս մօրն ու ընկճուած հօրն է, որ անոնք կարենան քաջաբար յաղթահարել այս կորուստին դառնութիւնը եւ շարունակեն իրենց կեանքը, չվշտացնել ու չխանգարել Ժաքի երկնային հանգիստը: Աւելի՛ն. անոնք հպարտ պէտք է ըլլան Ժաքին այս վեհ ու ազնիւ արարքով, հպարտ, որ նիւթապաշտ այս օրերուն տակաւին կան իրենց կեանքին գնով, գերագոյն զոհաբերութեամբ տկարին ու անկարին, հայուն, մարդկութեա՛ն ծառայելու պատրաստակամ, Ժաքին օրինակով  խիզախ տիպարներ… Ի վերջոյ զոհաբերութիւնն ալ տեսակ մը ծառայութիւն է:

Ժաք Նորաշխարհեան իր կեանքի գարուն հասակին, ի՛ր իսկ կեանքին զոհաբերութեամբ ծառայեց հայութեան, ծառայեց մարդկութեան: Նման վեհ կեցուածքներ չեն մոռցուիր, չեն մաշիր, կը դրոշմուին պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ ու դարեր շարունակ կը մնան իբրեւ ծառայասիրութեան ու զոհաբերութեան թանկագին օրինակ:

Սիրելի՛ Ժաք, հանգիստ ննջէ, քեզ սիրող հարազատներդ ու բարեկամներդ պիտի շարունակեն քու օրինակովդ եւ պիտի իրականացնեն այն, ինչ որ դուն կ՛ուզէիր իրագործել կեանքիդ մէջ: Ծնողքդ իր մխիթարանքը պիտի գտնէ սիրելիներուդ  իրագործումներուն մէջ ու անհուն հպարտութեամբ պիտի նայի քու զոհաբերութեամբդ վերապրող «ծովակից»-ներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Ժաք, փունջ մը ծաղիկ շիրիմիդ:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

Նախորդը

Արամ Ա. Քահանայ Գլընճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?