ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ընտանիքը ձեր վրայ մեծ յոյսեր ունի, ուրեմն զգուշացէք սխալ գործերէ, որպէսզի բարդութիւններ չստեղծուին: Նաեւ ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրային արկածախնդրութիւն մը կը նախատեսուի, մի՛ աճապարէք, որպէսզի հանդիպումները հաճելի եւ իմաստալից ըլլան: Ապագան փայլուն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հակառակ դժուար կացութեան` ձեր ընտանեկան հարցերը խոհեմութեամբ պիտի կարենաք լուծել: Լռութեամբ պիտի յաղթահարէք դժուարութիւնները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոգնած էք եւ` հանգիստի կարօտ: Լաւ է, որ քանի մը օր լեռ բարձրանաք, ուր մաքուր եւ ջինջ օդը ձեզ պիտի կազդուրէ եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ շռայլ էք: Եթէ այսպէս շարունակէք, արձակուրդի ծրագիրը պիտի չկարենաք գործադրել: Ուշադրութիւն ըրէք, անիմաստօրէն մի՛ ծախսէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր կարծիքները մի՛ պարտադրէք ուրիշներուն, այլ ուրիշներն ալ մտիկ ըրէք, որպէսզի իրենց կարծիքները տան: Միասնաբար աւելի արդիւնաւէտ գործեր կրնաք ընել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յոռետես էք եւ ամէն բան դժուար կը գտնէք: Անշուշտ ասիկա հոգեբանական վիճակ է: Եթէ ձեր մտածումները յստակացնէք եւ կեանքը առնէք այնպէս, ինչպէս որ է, ամէն բան կը դիւրանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անձնական ծրագիրներ գործադրելը անշուշտ յաճախ դիւրին է, սակայն իմաստութեամբ սկսիլը աւելի յառաջդիմութեան կ՛առաջնորդէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շրջապատին մէջ անձ մը կ՛ուզէ ձեզ ձախողեցնել: Անշուշտ նախանձի արդիւնք է: Մի՛ տկարանաք ձեր ծրագիրը շարունակեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ազատ ժամերուն երբեմն գիրքեր կարդացէք, որպէսզի ձեր ընդհանուր զարգացումը յառաջանայ, եւ տեղեակ ըլլաք տարբեր մշակոյթներու եւ բարքերու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ապագայէն շատ բան յուսալէ աւելի` ներկայի մասին մտածեցէք եւ ձեր գործերը լաւ հիմերու վրայ դրէք: Ապագան ինքնաբերաբար լաւ կը դիմաւորէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր զգացումներով տարուած էք, եւ ձեր շահը ինչ որ կը պահանջէ, չէք տեսներ: Իրատես եղէք, որպէսզի կարենաք ճիշդ քայլեր առնել:
