
31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը կը սկսին վաղը:
Ռիոյի Ողիմպիական աւանին մէջ արդէն կը բնակին 120-է աւելի երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Ողիմպիական խաղերու մասնակից երկիրներու դրօշները արդէն կը ծածանին Ռիոյի Ողիմպիական աւանին մէջ: Բարձրացած է նաեւ Հայաստանի դրօշը, որուն բարձրացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ:
Ռիօ կը գտնուի Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հիմնական մասը` ծանրաբարձները, բռնցքամարտիկները, լողորդները, աթլեթները, հրաձիգը: Մէկ օգոստոսին Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականին միացան նաեւ մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեանն ու Յարութիւն Մերտինեանը, որոնք Ռիոյէն ոչ հեռու գտնուող Պլումենաու քաղաքին մէջ վերջին մարզումները կը կատարէին Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի ղեկավարութեամբ:
Հաւաքականին միացաւ նաեւ ճիւտոյի մրցաշարքին մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դաւթեան:
Ողիմպիական խաղերուն բացման ներկայ պիտի չըլլան միայն յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբիշները: Անոնք ողիմպիական խումբին պիտի միանան 9 օգոստոսին:
Պապը Մաղթեց, Որ Ողիմպիականը Միացնէ Աշխարհի Ժողովուրդները

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը ողջունեց վաղը սկսելիք ողիմպիական խաղերը` յոյս յայտնելով, որ մարդիկ կը բոլորուին աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու աշխատանքին շուրջ:
Պապը ըսաւ.
– Խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ հաշտութեան ծարաւ աշխարհին մէջ կը մաղթեմ, որ ողիմպիական խաղերուն ոգին վարակէ բոլոր մասնակիցներն ու համակիրները, որպէսզի բարիքի համար պատերազմ մղեն:
Ռ. Նատալ Միտքը Փոխած Է
Ռաֆայէլ Նատալ կը մտադրէ թենիսի ողիմպիական մրցաշարքին մասնակցիլ առանձին, զոյգի եւ խառն զոյգի խաղերուն: Սպանացին յայտնեց, որ արդէն Ռիօ կը գտնուի եւ կը մարզուի Տ. Ֆերերի հետ: Ռաֆայէլ Նատալ նախապէս յայտարարած էր, որ Ռիոյի պիտի մասնակցի միայն զոյգի խաղին:


