
Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիր ինկած է կնոջ մը լարած ծուղակին մէջ:
Էլիզա Փլասքօ անունով կին մը կապ հաստատած է նախագահ Պաշիրի ներկայացուցիչներուն հետ` ներկայանալով իբրեւ Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբի աշխատակից, որուն յանձնարարուած է Սուտանի նախագահին յանձնել Մեսսիի ստորագրութեամբ մարզական տարազը: Պաշիր ուրախանալով իր անձին նկատմամբ նման ուշադրութենէն, նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է այդ կինը եւ անոր հետ լրատու միջոցներուն համար լուսանկարուած:
Սակայն հետագային պարզուած է, որ Էլիզայի խօսքերը կեղծ եղած են: Ան Պարսելոնայի աշխատակիցը չէ, իսկ Մեսսիի ստորագրութիւնը կեղծուած է: Սպանական ակումբն ու Մեսսի յայտարարած են, որ ոչինչ փոխանցած են Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրի:
Իրականութեան մէջ, Էլիզա Փլասքօ ներդրումային ընկերութեան սեփականատէր է եւ նման խաբէութեան միջոցով բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ փորձած է կապեր հաստատել եւ… յաջողած է:


