Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ ամիս Երեւանի մէջ «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցաւ Ժընեւի «Կրանտ» օփերայի մեներգչուհի եւ եօթը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Վարդուհի Խաչատրեանը:
Հետեւեալ խօսքերով կը ներկայացնէ ինքինք անուանի երգչուհին.
«Ծնած եմ Երեւան, մեծցած եմ երաժշտական մթնոլորտի մէջ, երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի մէջ: Առաջին մեծ յաջողութիւնս 1996-ին Լիէժի մէջ (Պելճիքա) վոքալիսթներու մրցոյթին տարած յաղթանակս եղած է, որուն հետագային յաջորդեցին բազմաթիւ յաղթանակներ եւ մրցանակներ: Հայաստանի մէջ, որպէս տարուան լաւագոյն երգչուհի, 2004-ին արժանացած եմ «Արտաւազդ» մրցանակին: Բազմաթիւ հրաւէրներ ստացած եւ երգած եմ աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ` համագործակցելով հանրայայտ բազմաթիւ երգիչներու, խմբավարներու եւ երաժիշտներու հետ, բազմաթիւ մենահամերգներ տուած եմ աշխարհի շատ մը քաղաքներու մէջ: Կ՛երգեմ եօթը լեզուներով: 2007-էն ի վեր կը բնակիմ եւ կ՛աշխատիմ Ժընեւի մէջ:
Կոմիտասի երգերուն եւ մշակումներուն ծանօթացած եմ մանուկ հասակէս` լսելով հայրիկիս անզուգական կատարումները: Իմ բոլոր մենահամերգներուս ծրագիրները կ՛ընդգրկեն Կոմիտասի վոքալ ստեղծագործութիւնները, որոնք ներկայացուցած եմ եւրոպացի հանդիսատեսներուն: Նարեկացին, Կոմիտաս, Եկմալեան, Բաբաջանեան եւ հայ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւս ներկայացուցած եմ միջազգային փառատօններու ժամանակ: 2010-ին լոյս տեսաւ իմ` «Կոմիտասի յիշատակին» ձայնասկաւառակս, որ կ՛ընդգրկէ Կոմիտասի քնարական երգերու շարքը:
Ժընեւի մէջ ստեղծած եմ հայ-զուիցերիական մշակութային կազմակերպութիւնը` «Աւետիս»-ը, որուն նպատակը եւրոպացի հանդիսատեսին հայ երաժիշտներուն եւ երաժիշտ-կատարողներուն հետ ծանօթացնելն է, հայկական երաժշտութիւնն ու արուեստը Եւրոպայի մէջ տարածելը եւ Եւրոպայի մէջ ճանաչում ստանալու համար հայ տաղանդաւոր երիտասարդներուն, արուեստագէտներուն աջակցիլը: 2015-ին «Աւետիս»-ը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երեք մեծ ձեռնարկ կազմակերպեց Ժընեւի հանրայայտ սրահներուն մէջ:
Շուտով պիտի մեկնիմ Իտալիա, ուր օգոստոս 11, 12-ին «Այտա» օփերային մէջ հանդէս պիտի գամ Ամներիսի դերով:
Շատ յուզուած եւ ուրախ եմ, որ հայրենիքիս մէջ «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցայ: Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած եմ, բայց այս մէկը շատ թանկ է ինծի համար: Ես միշտ կ՛երգեմ` առանց որեւէ պարգեւի ակնկալիք ունենալու, սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ հաճելի է նման վերաբերմունքի, ուշադրութեան արժանանալը:
Հայաստանէն հետս պիտի տանիմ շատ բան` արեւ, ժպիտ, անսահման ջերմութիւն, նաեւ` անհանգստութիւն… ես կը կարօտնամ ինծի հարազատ մարդիկը, Երեւանի` ծանօթ եւ բազում յոյզեր, յիշողութիւններ արթնցնող փողոցները, եկեղեցիները… օր մը անպայման պիտի վերադառնամ այնտեղ, ուրկէ սկսած եմ իմ մեծ ճանապարհի սկիզբը:
16 տարիէ կ՛ապրիմ դուրսը, սակայն հոգիով ու սրտով միշտ ներսն եմ` իմ Հայաստանին մէջ»:
Տան Յարդարանք
Ծփացող Մոմեր
Բոլորս ալ մեր տան մէջ ունինք զանազան ձեւի եւ չափի ծաղկամաններ, սափորներ, երկարավիզ բաժակներ եւ այլն… Անոնցմէ շատեր դժբախտաբար լքուած են եւ վերածուած` անգործածելի իրերու:
Քանի մը ծփացող մոմ, եղանակի քանի մը ծաղիկ կամ բոյս եւ ահա, կը ստանանք սեղանի աննման զարդեր, որոնք թէ կը ճոխացնեն մեր սեղանները եւ թէ՛ կը ջերմացնեն սիրտերը:
Ստորեւ 5 հետաքրքրական նմուշ, որոնք բաւական խօսուն են եւ բացատրութեան չեն կարօտիր: Պարզապէս մեզմէ կը պահանջեն քիչ մը ժամանակ, քիչ մը համբերութիւն եւ ստեղծագործ միտք:
Առողջապահական
Ի՞նչ Կը Պատահի Ծխախոտը
Դադրեցնելէ Ետք
Գիտէ՞ք, թէ ծխախոտի վերջին գլանիկը մարելէ 20 վայրկեան ետք արդէն իսկ հրաշալի եւ մանաւանդ օգտակար բաներ կը կատարուին մեր մարմնին մէջ: Ահա թէ ի՛նչ…
– Առաջին փոփոխութիւնը կը սկսի ծխելը դադրեցնելէ 20 վայրկեան ետք: Այսպէս, կը վերականգնի արեան շրջագայութիւնը եւ կ՛աւելնայ ձեռքերու եւ ոտքերու մատներուն զգայնութիւնը:
– Արդէն 8 ժամ ետք կը բարեկարգուի թթուածինին մակարդակը` արեան մէջ:
– Երկու օր ետք մարմնէն կը հեռանան նիքոթինի մնացորդները:
– Դարձեալ 2 օր ետք կը վերականգնի համային զգացողութիւնը:
– Երկու օր ետք նաեւ կը վերականգնի հոտարութեան զգացողութիւնը:
– Երեք օր ետք կը վերականգնի շնչառութիւնը:
– Մէկ շաբաթ ետք կը նուազի արեան ճնշումը:
– Երկու շաբաթ ետք կը թեթեւնայ հազը: Անիկա անմիջապէս չ՛անհետանար, քանի որ թոքերը ժամանակի կը կարօտին վերականգնելու եւ մաքրուելու համար:
– Երեք ամիս ետք յստակօրէն կը բարելաւուի դէմքի մորթին որակն ու գոյնը:
– Մէկ տարի ետք կը բարեփոխուի ակռաներուն գոյնը:
– Տասնհինգ տարի ետք քաղցկեղի հաւանականութիւնը կը հաւասարի չծխող անձի հաւանականութեան ցուցանիշին:
Տան Մէջ Բորբոսին Պատճառած
Անհանգստութիւնները
Բորբոսը ոչ միայն կը փճացնէ պատերու եւ առաստաղի արտաքին տեսքը, այլեւ պատճառ կը դառնայ զանազան հիւանդութիւններու: Բորբոսին պատճառը բարձր խոնաւութիւնն է. անոր առաջին իսկ հետքերը պէտք չէ անտարբեր ձգեն մեզ, պէտք է անմիջապէս մաքրենք, չքացնենք զայն:
Ահա թէ ինչ անհանգստութիւններ կը պատճառէ տան մէջ առկայ բորբոսը.
1.- Յոգնածութիւն եւ տկարութիւն,
2.- Գլխացաւ,
3.- Մնայուն հազ,
4.- Յիշողութեան խախտում,
5.- Յօդացաւ,
6.- Փորի ցաւ,
7.- Մորթային գերզգայնութիւն,
8.- Տեսողութեան խանգարում,
9.- Տրամադրութեան վերիվայրում,
10.-Բերնի մէջ մետաղի համի տարօրինակ զգացում:
Խոհագիր
Պրոքոլիով Եւ Մանկայով Աղցան
Բաղադրութիւն
– 1 գլուխ պրոքոլի
– Կէս մանկա` խորանարդաձեւ կտրտուած
– 8 – 10 խորանարդ ֆեթա պանիր
– 10 – 12 նուշ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– 1 ապուրի դգալ սոյա թացան
– 1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ
Պատրաստութիւն
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը (աղ աւելցնելէ առաջ ստուգել համը, քանի որ սոյայի թացանը ինքնին աղի է):
Պրոքոլին ոչ շատ փոքր կտորներու վերածել, խաշել, սառ ջուրի մէջ փոխադրել, ապա քամոցէ անցընել:
Մանկան խորանարդաձեւ կտրտել, նոյնպէս ալ` ֆեթա պանիրը:
Աղցանի յատուկ ներկայանալի ամանի մը մէջ դնել վերոյիշեալ բաղադրութիւններուն կէսը, աւելցնել թացանին կէսը, յետոյ աւելցնել մնացեալ բաղադրութիւնն ու թացանը եւ զգուշութեամբ խառնել: Զարդարել նուշով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ- ամառ… գարո՜ւմ է թուում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թուում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` ներշնչում… ես ա՛յն եմ սիրում,
Երբ ձմեռ-ամառ… գարո՜ւմ է թուում,
Անծանօթ մի վայր քեզ… տո՜ւն է թուում.
Ոչ միայն նայում, այլ… տեսնո՛ւմ ես դու,
Ոչ թէ ունկնդրում, այլ… լսո՛ւմ ես դու,
Երբ սլանո՜ւմ ես
Եւ ոչ թէ` քայլո՛ւմ,
Երբ եւ այրւո՛ւմ ես, եւ ի՛նքըդ այրում…Ա՛յն, երբ աչքերը աչե՜ր են դառնում,
Խօսքերը սիրոյ կանչե՛ր են դառնում,
Սիրե՛րգ է դառնում ամէն մի հնչիւն,
Եւ արտաշնչո՜ւմն անգամ` ներշնչում…Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թուում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են, թէ… ինչքան են տեւել…… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..
Սիրում եմ սիրոյ այն հրա՜շքը սուրբ,
Երբ որ ձեռքերը դառնում են թեւեր,
Երբ թուում է, թէ շարժումից մի նուրբ,
Կարող ես մինչեւ աստղե՜րը թեւել.
Երբ կոշտ մատները թաւի՜շ են դառնում,
Արիւնը գարնան աւի՜շ է դառնում
Եւ ժամերն անգամ, հաշիւը խառնո՜ւմ,
Մոռանո՜ւմ են , թէ… ինչքան են տեւել…… Զգացե՞լ էք դուք պահն այդ երբեւէ..
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ