ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի նոր գործ մը պիտի առաջարկուի. մի՛ մերժէք, քանի որ ձեր սիրած ասպարէզն է, եւ յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան աւանդութիւնները շատ կարեւոր են ձեզի համար. ո՛չ մէկ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ, եւ իւրաքանչիւր անդամ պիտի յարգէ այդ աւանդութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արձակուրդէն վերադարձին դուք ձեզ աւելի երիտասարդացած պիտի զգաք: Ձեր բոլոր մտահոգութիւնները մոռցած էք եւ նոր թափով պիտի ստանձնէք ձեր գործը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետապնդեցէք ձեր գործը այնպէս, ինչպէս որ ծրագրած էք: Ձեր պատասխանատուներէն պատիւ եւ շնորհաւորութիւններ պիտի ստանաք: Նիւթական բարելաւում մըն ալ պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր սկսուած գործ մը յաջողութիւն պիտի ունենայ: Կարգ մը դժուարութիւններէ ետք գործը ձեր փափաքածին պէս պիտի ընթանայ, եւ դուք ուրախութեամբ պիտի շարունակէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը դժուարութիւններէ ետք կեանքը պիտի ժպտի ձեզի: Գործի մէջ յաջողութիւն պիտի ունենաք, եւ եթէ ամուրի էք, սիրոյ արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն հետ արձակուրդ մը պիտի ծրագրէք, ինչ որ շատ հաճելի պիտի անցնի, եւ որու ընթացքին նոր բարեկամներ պիտի գտնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատատեղիին մէջ պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները եւ ուրիշներուն գործերը դուք մի՛ կատարէք, որպէսզի ձեզ չշահագործեն: Ազնուութիւնն ալ սահման մը ունի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շրջապտոյտ մը ծրագրած էք, որ կատարելով` շատ ուրախ պիտի ըլլաք. պիտի վայելէք նոր աւանդութիւններ եւ նոր մշակոյթ, նաեւ բարեկամական շրջանակը պիտի ընդլայնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ծրագիր մը իրագործել կ՛ուզէք. ձեր ընտանիքին անդամներու կարծիքը առէք, որպէսզի աւելի լաւ հիմերու վրայ հաստատէք զայն եւ յաջողութիւն ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր անձերու պիտի հանդիպիք. զգուշ եղէք, քանի որ զանոնք չէք ճանչնար: Քիչ մը վերապահ եղէք, որպէսզի գէշ անակնկալներ չունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ բաներ կը ծրագրէք, սակայն ամէն գործ միեւնոյն ատեն կարելի չէ ընել: Պզտիկ քայլերով աւելի դիւրին է յաջողութիւն ունենալ: