Կնոջ Աթոռը
Մարզադաշտ հասնելով երիտասարդ մը նստելու տեղ փնտռած ատեն, կը նշմարէ տարեց մարդու մը քով գտնուող դատարկ տեղ մը եւ մարդուն կը հարցնէ.
– Պարո՛ն, մէկու մը պահա՞ծ էք այս տեղը:
Մարդը կը պատասխանէ.
– Օ՛, ոչ, ոչ: Ես կինս բոլոր մրցումներուն հետս կը բերէի, բայց մեռնելէն ի վեր առանձին կու գամ:
Երիտասարդը կը հարցնէ.
– Ինչո՞ւ ձեր բարեկամներէն մէկը չէք բերեր ձեզի հետ:
– Անոնք չեն կրնար գալ, հիմա կնոջս թաղումին են…:
Տարուան Եղանակը Միայն
Փողոցը քալելու ատեն ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած մարդ մը հիւանդանոց կը բերեն: Նախնական քննութիւններէ ետք, բժիշկը ստուգումի համար մարդուն կը հարցնէ.
– Այսօրուան թուականը գիտե՞ս:
– Ոչ:
– Օ՞րը:
– Ոչ:
– Ամի՞սը:
– Ոչ:
– Եղանակը:
– Այո՛, ֆութպոլի:
Քաջալերե՞լ, Ինչո՞ւ
Քաղաքի մը պասքեթպոլի խումբը քանի մը յաջորդական խաղեր կը պարտուի: Կարեւոր մրցումի մը, երբ քաղաքապետը մարզադաշտ կու գայ, կը նշմարէ, որ կարգ մը դժգոհ համակիրներ դուրսը կեցած կը զրուցեն: Անոնց մօտենալով կ՛ըսէ.
– Դուք պէտք չէ՞ ներսը գտնուիք եւ ձեր խումբին համար քաջալերէք:
Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ.
– Կարծեմ մենք պէտք է ներսը գտնուինք եւ մեր խումբին համար խաղա՛նք:
«Սխալեցայ… Որսացի»
Ամուսնացած զոյգ մը մարզանքի համար ձկնորսութեան կ՛երթայ: Վերադարձին կինը իր դրացուհիին կը պատմէ.
– Այսօր ամէն բան կրկին սխալ ըրի. շատ խօսեցայ, բարձրաձայն խօսեցայ, սխալ կերը գործածեցի, բայց կրկին ամուսինէս աւելի շատ որսացի…: