Արհեստավարժ բռնցքամարտի կիներու թեթեւագոյն ծանրութեան դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան կատարեց իր հերթական մենամարտը` պաշտպանելով տիտղոսը:
Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին Գերմանիան ներկայացնող 28-ամեայ Սիւզի Կենտիկեան յաղթեց խրուաթ Նեւենա Միքուլիչի:
Կենտիկեան 36-րդ յաղթանակը նուաճեց արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որուն ընթացքին կրած է միայն 2 պարտութիւն: Ան նախորդ մենամարտը կատարած էր 4 հոկտեմբեր 2015-ին` իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթելով մեքսիքացի Սուսանա Քրուզ Փերեսին: