Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՊԱԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

September 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան` իր ելոյթին ընթացքին

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին ընթացքին: Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանի որդեգրած ապակառուցողական կեցուածքին:

Ան նշեց, որ հակառակ տագնապի լուծման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործադրած աշխուժ ջանքերուն եւ այդ շրջագիծին մէջ ստորագրուած շարք մը փաստաթուղթերու, Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել ուժ չկիրարկելու եւ ուժի սպառնալիքէ զերծ մնալու սկզբունքը` հրահրելով սպառազինութեան մրցավազք:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտ է բացառել ապագային նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց կարգաւորման, փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ուղղուած Հայաստանի նախաձեռնութիւնը, որ յանգեցուց Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան, առայժմ որեւէ արդիւնք չի տար Թուրքիոյ կողմէ արձանագրութեանց վաւերացման հոլովոյթի սառեցման պատճառով:

ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԷԼԼԻՍ ԿՂԶԻ» ՄԵՏԱԼԻՆ

Պարգեւատրման պահուն

Աշխատանքային այցելութեամբ 22 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներ ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Էլլիս կղզի, ուր այցելեց Ներգաղթի թանգարան, դիտեց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Էլլիս կղզիէն Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու յիշատակին նուիրուած ցուցադրութիւնը:

Նախագահ Սարգսեանը կղզիին մէջ հիւրընկալեցին եւ անոր ուղեկցեցան Միացեալ Նահանգներու «Կազմակերպութիւններու ազգային ցեղային դաշինք»ի նախագահ Նասեր Քազեմին, դաշինքի խորհուրդի անդամներ եւ ամերիկահայ ներկայացուցիչներ: Դաշինքի նախագահ Նասեր Քազեմի նախագահ Սարգսեանին շնորհեց «Էլլիս կղզի» պատուոյ մետալը` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ հանրապետութեան նախագահին ունեցած ներդրումին, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանման, անոր նուիրումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ներգաղթեալներու արդիւնաւէտ համարկման ուղղութեամբ գործունէութեան համար:

Նշուեցաւ, որ պատուոյ մետալի շնորհման 25-ամեայ պատմութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ արժանացած է այդ պատիւին: Մինչեւ այսօր դաշինքի «Էլլիս կղզի» պատուոյ մետալով պարգեւատրուած հազարէն աւելի անձերու շարքին եղած են Միացեալ Նահանգներու 6 նախագահներ, տասնեակ մը արտաքին գործոց նախարարներ, ծերակուտականներ, քոնկրեսականներ, նոպելեան մրցանակակիրներ, արուեստագէտներ եւ ձեռնարկատէրեր:

 

Նախորդը

ԹԻՖԼԻՍ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

Յաջորդը

«ՖԵՐՏԻՆԱՆՏ ԵՒ ՀԵՌՆԱՆՏԵԶ ԱՅՍՕՐ ԱՆԱԿՆԿԱԼՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՖԵՐԿԸՍԸՆ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։