Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԿԱԶԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԶԻՋԵԼՈՒ, ԵԹԷ ԿԻՊՐՈՍ ՆՈՅՆ ՔԱՅԼԻՆ ԴԻՄԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆ

September 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարա պատրաստ է Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի փնտռտուքի շուրջ տագնապին գծով զիջում կատարելու, եթէ Կիպրոս նոյն քայլին դիմէ:

Էրտողանի մօտիկ աղբիւրներ «Անատոլու»ին յայտնած են, որ ան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ «եթէ երկու կողմերը (յոյն եւ թուրք կիպրացիները) բնական կազի փնտռտուքէն հրաժարին, ապա անոր համաձայն պիտի գտնուինք», սակայն զգուշացուցած է, որ եթէ Կիպրոս այս հարցով յառաջ ընթանալու վրայ պնդէ, ապա անիկա Կիպրոսի վերամիացման բանակցութիւնները «պիտի արգելակէ»:

Էրտողան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն խնդրած է Կիպրոսի մօտ միջամտել, որպէսզի Նիկոսիա դադրեցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի փնտռտուքը: «Յոյն կիպրական վարչակազմի միակողմանի որոշումներն ու նախաձեռնութիւնները խաղաղութեան դէմ վտանգ կը ներկայացնեն», ըսած է Էրտողան:

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻՆ ԱՆԼՈՅԾ ՄՆԱԼԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ «ազրպէյճանական հողերու բռնագրաւումին վերջ պէտք է դրուի»:

Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման:

«Բոլորիս բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւնն է լուծումներ գտնել միջազգային խնդիրներու համար® Ազրպէյճանական հողերու տարիներէ ի վեր շարունակուող բռնագրաւումին վերջ պէտք է դրուի: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի անլոյծ մնալը անընդունելի է», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին ծիրին մէջ թուրք եւ ազրպէյճանցի բարձրաստիճան դիւանագէտներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Ըստ ԱՓԱ-ի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Յաջորդը

ԹԻՖԼԻՍ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։