ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր օրերը շատ խճողուած են ե՛ւ ընտանիքէն ներս ե՛ւ ձեր աշխատավայրէն ներս: Շատ սիրով պիտի կատարէք բոլոր գործերը, որմէ ետք արժանի պիտի ըլլաք շատ սպասուած արձակուրդին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ պարտաճանաչ էք եւ յետնեալ գործեր չունիք: Ձեր ընտանիքին անդամները ձեր օգնութեան պիտի դիմեն, իսկ դուք անշուշտ պիտի չմերժէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընկերային կեանքի մէջ ձեր աշխատանքները միշտ կը գնահատուին. ձեր աշխատանքները տակաւին չեն վերջացած, սակայն պիտի կարենաք զանոնք յաջողութեամբ կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաճոյքներու ներկայ գտնուիլը անշուշտ շատ լաւ է, սակայն չափազանցութիւնը կրնայ ձեզի վնաս հասցնել: Քիչ մըն ալ ձեր հանգիստին մասին մտածեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր մէկ բարեկամը մտահոգութիւններ ունի եւ ձեր օգնութեան պէտք ունի. մի՛ անտեսէք զինք, լրջութեամբ մտիկ ըրէք, որպէսզի կարենաք անոր օգտակար ըլլալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաճախ յաջողութեան կը հետեւի ձախողութիւն մը: Կեանքը ելեւէջ մըն է. դուք ձեր խոհեմութեամբ պիտի կարենաք հարցերուն լուծում մը գտնել եւ հաւասարակշռել ձեր կեանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար ճամբորդութենէ մը առաջ հանգիստ ըրէք եւ ձեր արձակուրդի ծրագիրները պատրաստեցէք, որպէսզի ձեր ճամբորդութիւնը աւելի հաճելի ըլլայ եւ` նուազ յոգնեցուցիչ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դժուարութիւններու դիմաց մի՛ տկարանաք, հանդարտօրէն դիմագրաւեցէք հարցերը, որպէսզի կարենաք զանոնք լաւագոյն կերպով լուծել: Ջղային վիճակը ո՛չ մէկ տեղ կ՛առաջնորդէ ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անխոհեմօրէն տրուած որոշում մը չէք կրնար սրբագրել. հանդարտութեամբ մտածեցէք, նոյնիսկ քանի մը օր տրամադրեցէք, որպէսզի ճիշդ լուծում մը կարենաք գտնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կը կարծէք, որ մէկը ձեզի հանդէպ թշնամական տրամադրութիւն ունի, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Լռութեամբ եւ հանդարտութեամբ հեռացէք այդ անձէն, եւ լարուածութիւնը կը փարատի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրոյ արտայայտութիւններ կատարեցէք, սակայն սպասեցէք, որ ձեր դիմացինն ալ նոյնը ընէ: Սէրը երկկողմանի կ՛ըլլայ, այլապէս խեղճութեան կ՛առաջնորդէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան յարկի տակ խառնակ վիճակ մը կը տիրէ, եւ բոլոր անդամները ջիղերու վրայ են: Ձեր հանդարտ դիւանագիտութեամբ պիտի կարենաք մթնոլորտը խաղաղեցնել:
