Հովանաւորութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 64 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր քաղաքացիներուն բուժման ծախսերուն ամբողջական հոգատարութիւնը:
Տարեցներուն վերաբերող այս ծառայութիւնը, որ կը նկատուի առողջապահական մարզին արձանագրած նուաճումը, յայտարարուեցաւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կողմէ:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ 64 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր քաղաքացիներու բուժման ծախսերու ամբողջական հոգատարութեան ծրագիրը տարօրինակ չէ` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը 17 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը կ՛ենթադրէ:
Ան նշեց, որ այդ օրէնքը անմիջապէս պիտի սկսի գործադրուիլ բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ: «Ոչ մէկ լիբանանցի քաղաքացի պիտի զրկուի հիւանդանոց մուտք գործելէ, սակայն արտօնելի պիտի չըլլայ նաեւ, որ հիւանդանոցային խնամքի կարիք չունեցողը շահագործէ այդ օրէնքը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ թերեւս լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար իրագործել իւրաքանչիւր քաղաքացիի երազը կամ ձգտումը, սակայն եթէ կարենանք նուազագոյն կարիքները հոգալ եւ պետական ամավարկ մը վաւերացնել, ապա կարելի պիտի ըլլայ ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ ստեղծուած վիհին լուծում մը գտնել:
Իր կարգին, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան հսկայ ջանքերու եւ որակական նուաճումներու կարիքը ունի, որպէսզի փրկուի մարտահրաւէրներէ:
Ան նշեց, որ 10 տարուան բացթողումէ ետք Լիբանան պիտի ունենայ իր պետական ամավարկը, որ պիտի օժանդակէ անոր հարցերուն մեծ մասերուն լուծման:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը իր կարգին ընթացք պիտի առնէ եւ ճշգրիտ որոշումներով կարելի պիտի ըլլայ անոր աշխատանքը հունաւորել:
Վարչապետը հաստատեց նաեւ, որ պետութիւնը պիտի հոգայ ելեկտրականութեան, աղբի եւ հաղորդակցութեան բարդ թղթածրարներուն լուծումը:
Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պահպանէ բժշկութեան մարզը, որ ազգային գանձ մը կը նկատուի:
Հարուն շեշտեց, որ տարեցներու հիւանդանոցային բուժման ծախսերու հոգատարութեան ծրագիրին յայտարարութիւնը այնպիսի պահու մը, երբ Լիբանան ելեւմտական լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ, յանդուգն եւ ճիշդ ուղղութեամբ նետուած քայլ մըն է: