Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիչըրտ. «Ամերիկան Էր Եւ Պիտի Մնայ Լիբանանի Ապահովական Առաջին Գործընկերը»

July 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_richard_71916

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռիչըրտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ճիգ պիտի չխնայէ երաշխաւորելու համար ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ Լիբանանի մը գոյութիւնը:

Ռիչըրտ յայտնեց, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները կը մարմնաւորուին լիբանանեան բանակին տրամադրուած աջակցութեամբ:

«Ամերիկան էր եւ պիտի մնայ Լիբանանի ապահովական առաջին գործընկերը», ըսաւ Ռիչըրտ` աւելցնելով, որ ամերիկացիները պիտի շարունակեն լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնիլ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել հիւրընկալ ընկերութիւններուն, որոնք մեծ թիւով գաղթականներ կը պատսպարեն` նկատել տալով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն Լիբանանին տրամադրած իր նիւթական օժանդակութիւնը 84 միլիոն տոլարով պիտի բարձրացնէ:

Ռիչըրտ նշեց, որ Ուաշինկթըն սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով Լիբանանի մարդասիրական օժանդակութիւններու մեծագոյն նուիրատուն կը նկատուի` նշելով, որ Ուաշինկթըն Լիբանանին տրամադրած է 1,2 միլիառ տոլարի նիւթական օժանդակութիւն:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, որուն ընկերակցեցան Քարիթասի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէն հայր Փոլ Քարամ եւ փոխնախագահ Էլի Ռումիէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ բարեսիրական ծրագիրներու գործադրութեան կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Քարիւղի Եւ Տուրքերու Օրէնքին Վերաբերող Որոշումներուն Հեզասահ Վաւերացումը

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ . Տարեց Քաղաքացիներու Բուժման Ծախսերու Ամբողջական Հոգատարութեան Պաշտօնական Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.