
Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:
Խորհրդարանական յանձնախումբը շարունակեց քննարկել ապօրինի համացանցին թղթածրարը:
Նիստէն ետք Հարպ յայտնեց, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարը փակուի` աւելցնելով, որ այդ հարցին իմաստով յանցագործները բացայայտելու հետաքննութիւն պէտք է բացուի եւ բոլորը դատավարութեան ենթարկուին:
«Այս իմաստով դատական իշխանութիւնները իրենց դերակատարութիւնը լաւապէս կը կատարեն», ըսաւ Հարպ:
Ան շեշտեց, որ օրէնքը պէտք է բանեցուի բոլոր պատասխանատուներուն դէմ, ովքե՛ր ալ ըլլան անոնք, որովհետեւ ապօրինի համացանցի թղթածրարը լիբանանեան պետութեան վնասներ հասցուցած է:
Միւս կողմէ, Հարպ աւելցուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կը սերտէ համացանցի եւ հեռաձայնի գործածութեան սակերը նուազեցնելու կարելիութիւնները:
Իր կարգին, Ֆատլալլա յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը որոշած է հետապնդել ապահովութեան ուժերու այն պատասխանատուները, որոնց արտօնութեամբ որոշ շրջաններու մէջ հաստատուած են ապօրինի համացանցի սարքեր, ինչպէս նաեւ մաքսատան պաշտօնեաները, որոնք արտօնած են այդ սարքերուն մուտքը Լիբանան:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ այդ թղթածրարին վերաբերեալ 20 ամբաստանեալ կայ, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ արգելափակուած են:
«Մենք` իբրեւ յանձնախումբ, հասանք այս ոճիրին տեսակը ճշդելու կէտին եւ մեր դերակատարութիւնը լիովին կատարեցինք, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խնդրանքով պիտի շարունակենք աշխատանքը: Այդ նպատակով ալ յանձնախումբը այս ամսուան ընթացքին պիտի գումարէ նիստ մը եւս: Պիտի շարունակենք այս թղթածրարը քննարկել եւ երբ նորութիւններու հանդիպինք, զանոնք պիտի յայտարարենք հանրութեան», ըսաւ ան:


