
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ բանակը ռմբակոծած է Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն եւ ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակի թնդանօթները ռմբակոծած են նաեւ Ուատի Խէյլի, Խըրպեթ Եունինի, Տահր Սըրժի, Ուահտ Աժրամի, Ուատի Օուէյնիի եւ Արսալ գիւղաքաղաքի արեւելեան բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:


