Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ինք եւ կարգ մը այլ նախարարներ որոշած են կառավարութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել, եթէ պետական ամավարկի վաւերացման աշխատանքները չսկսին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ իրենք յաւելեալ հաղորդակցութիւններու կը կարօտին` պետական ամավարկը վաւերացնելու համար:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ քարիւղի թղթածրարը վաւերացնելու առումով տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ քարիւղի եւ բնական կազի հարցը ազգային հարց մըն է եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր շեշտեց, որ տնտեսական եւ ապահովական կացութեան առումով Լիբանան կը գտնուի զգայուն փուլի մը մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է յանձնառութիւն ցուցաբերեն` ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է եւ մտավախութիւններ ունի` երկրին ապահովական կացութեան առումով: Ան մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Լիբանան կրնայ վերածուիլ ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախի մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ պետական ամավարկի պատրաստութիւնը շատ կարեւոր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կարեւորը նախագահական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են ընդունելու իրենց նախագահական թեկնածուէն բացի այլ թեկնածուի մը յաղթանակը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ պէտք է յանգիլ այնպիսի արդիւնքի, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը եւ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է վերջ տայ Լիբանանի մէջ կոյր ոճ ու մութ քաղաքականութիւն որդեգրելու դրութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ արաբական հարցերու պատասխանատու Հասան Իզէտտին շեշտեց, որ սէուտական իշխանութիւնները ձախողած են կուսակցութեան դիմագիծը աղաւաղել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը ներկայիս շատ աւելի լաւ է, քան ինչ որ էր նախորդ շաբաթներուն ընթացքին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին որոշումը պիտի վաւերացուի: Նոյն օրաթերթը նշեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ մերժել այդ որոշումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ նախարարաց խորհուրդին կողմէ երկրի ելեւմտական հարցերու լուրջ քննարկում կատարուեցաւ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, պետական ամավարկին վաւերացումը կարեւոր քայլ մըն է երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնելու առումով:

 

 

Նախորդը

Սուրիա ՄԱԿ-էն Պահանջեց Դատապարտել Ֆրանսական Օդուժին Կողմէ Մընպեժի Ռմբակոծումը

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլայի Կողմէ Մեզ Եւ Սէուտական Արաբիան Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահելուն Պատասխանատու Նկատելը Զրպարտութիւն Է»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?