
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պլոքը զրպարտութիւն կը նկատէ Հըզպալլայի կողմէ զայն եւ Սէուտական Արաբիան նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պատասխանատու նկատելու քայլը:
Մուսթաքպալ պլոքը նշեց, որ 26 ամիս նախագահական աթոռը թափուր պահելէ ետք լիբանանցիները ընդհանուր առմամբ եւ խորհրդարանի բոլոր անդամները պէտք է իմանան, որ Լիբանան վտանգի պիտի ենթարկուի, եթէ կարելի չըլլայ անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` հիմնուելով երկրին սահմանադրութեան վրայ եւ յարգելով միջլիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու զայն ամրապնդելու սկզբունքը:
Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին տրուած` 2017-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու որոշումը:


