«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 18 յուլիսին պիտի այցելեն Անգարա, ուր պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը:
Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարած է.«Թուրքիան կը շարունակէ աջակցիլ տագնապի խաղաղ լուծման: Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անպայմանօրէն օգուտ պիտի բերէ այս տագնապի լուծման: Թուրքիան եւս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ է: Մինսքի խմբակի համանախագահները երկուշաբթի օր պիտի այցելեն Անգարա: Մենք պիտի հանդիպինք անոնց հետ եւ պիտի առաջարկենք սատարել Ազրպէյճանի դիրքորոշման»:
Մինսքի խմբակի կազմին մէջ են Պիելոռուսիան, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆինլանտան եւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Մինսքի խմբակին կը համանախագահեն Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները: