
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Հիշմեթալլա Ֆլահաթպիշէ փամփուշտ մը ստանալով վիրաւորուած է, երբ 4 զինեալներ արեւմտեան Իրանի Ժիլապ քաղաքին մէջ անոր վրայ կրակ բացած են:
Երեսփոխանին կողքին վիրաւորուած է Քարմանշահի Տալահօ շրջանի նահանգապետը:
Երեսփոխանն ու նահանգապետը փոխադրող ինքնաշարժը դարձած է հրոյ ճարակ:


