«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Էրլան Իտրիսով Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ նոր միջնորդներու կարիք չկայ, բաւական է ապահովել Մինսքի խմբակի համաձայնութիւններու իրականացումը:
«Ստեղծուած է յատուկ Մինսքի խումբ, որուն համանախագահներն են Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան: Կը կարծեմ, որ նոր միջնորդներ փնտռելու անհրաժեշտութիւն չկայ», յայտարարած է ան:
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ յստակ կերպով ձեւակերպուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքները, այդ պատճառով հարկ է ապահովել այդ համաձայնութիւններու իրականացումը: