
Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ կատարեց իր երրորդ մրցումը, 92-40 արդիւնքով ջախջախեց Կալեսը:
Մրցումին չորս քորթըրներուն ալ հայ պասքեթպոլիստները իրենց գերակայութիւնը պահեցին մրցակիցին վրայ (29-7, 17-11, 21-6 եւ 25-14):
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Դանիէլեան (20 կէտ):
Նշենք, որ հայրենի մարզիկները թրի փոյնթերուն 31 տոկոսը հասցուցին իրենց նպատակին, իսկ թու-փոյնթերուն պարագային` 45,3 տոկոսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի կազմը ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:


