Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 11-23 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի տարեկան մրցաշարքը` ակումբի (Քասլիք) թենիսի վեց դաշտերուն վրայ:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգերու, ինչպէս նաեւ վեթերաններու մրցումներ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 7 յուլիսի երեկոյեան ժամը 18:00-ը: Ուրբաթ, 8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ վիճակաձգութիւնը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ:
Արձանագրութեան համար պէտք է կապուիլ հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 09-932020 (408) եւ 03-954609:


