
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ուրբաթ, 1 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի 2016-2017 տարեշրջանի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնները:
Այս վիճակաձգութիւնը պիտի սկսի ժամը 11:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:


