
Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին մարզիչ Լորան Պլան շատ հաւանաբար նշանակուի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, կը յայտնէ «Տը Թելեկրաֆ»:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պլանէն բացի, գոյութիւն ունին երկու այլ թեկնածուներ ալ` Սլաւէն Պիլիչը եւ Կլեն Հատըլը, որոնք նոյնպէս նկատի առնուած են Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Նախքան վերոնշեալ երեքին մասին այս լուրին հրապարակուիլը, անգլիական մամուլը հաղորդեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդական խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ մերժած է ստանձնել ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:


