
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Ուէյն Ռունի, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին իր կարծիքը տուաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յաջորդ մարզիչին մասին:
«Բնականաբար, եթէ նոր մարզիչը անգլիացի ըլլայ, աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Բայց ատկէ բացի, ան պէտք է յարմար մասնագէտը ըլլայ այդ պաշտօնին եւ բաւականաչափ մակարդակ ունենայ իր այդ պաշտօնին տէր կանգնելու համար: Ասկէ մեկնելով, եթէ նոր մարզիչը անգլիացի չէ, արգելք չկայ: Մենք բաւական լաւ կազմ մը ունինք, սակայն անոր զուգահեռ, լաւ մարզիչ ալ պէտք է ունենանք», կ՛ըսէ Ռունի:


