
Ֆրանսայի կառավարութիւնը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի նոր տարբերակը, կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմենի» թերթը: «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»-ը կը համապատասխանէ Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան օրինագիծին:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը ողջունած է կառավարութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը համապատասխանէ Ֆրանսայի նախագահին ստանձնած յանձնառութիւններուն:
«Յոյս ունինք, որ օրէնքի նախագիծը կը վաւերացուի այս տարի: Կ՛ողջունենք հետեւողական աշխատանքը բոլոր գործիչներուն, որոնք սատարած են հայկական համայնքին: Կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանական բոլոր ուժերուն, որ համախմբուին այս համաձայնեցուած բանաձեւին շուրջ», ըսուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:


