Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2015-2016 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PG4_63016

PG1_63016

Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2015-2016 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փոխնախագահ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ 2015-2016 տարեշրջանի հունձքը բերրի է, աշակերտները աւարտած են տեսական եւ գործնական իրենց բաժինները եւ պատրաստ են անցնելու նոր հանգրուան մը: Կարպիս Գապասագալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն պատուիրեց անոնց, որ ըլլան երախտագէտ իրենց ծնողներուն հանդէպ, որոնց շնորհիւ 10 տարիներ շարունակ յաճախեցին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը: Գապասագալեան աւելցուց, թէ այս շրջանաւարտները կրնային յաճախել այլ երաժշտանոցներ` նկատի ունենալով, որ մեր շուրջ կան բազմաթիւ այլ երաժշտանոցներ, սակայն շեշտեց, որ Համազգայինը տարբեր է եւ իւրայատուկ` իր հայաշունչ մթնոլորտով: Գապասագալեան իր խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեանին, որ իր սուղ ժամերը տրամադրեց Համազգայինի ընտանիքին: Ապա աւելցուց, որ ան (փրոֆ. Յարութիւնեան) իր տուած դասախօսութեան ընդմէջէն ծանօթացուց Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը եւ իր տրամադրած «մասթըր քլաս»-ին միջոցով նոր հմտութիւններով օժտեց երաժշտական քոլեճի խումբ մը դաշնակահարները: Գապասագալեան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէններուն` Աշոտ եւ Արմէն ճենտերեճեաններուն եւ ուսուցչական կազմին:

PG2_63016

Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Քարլա Օհաննէսեան, Պետիկ Ալեքսանեան, Հենրի Իշխանեան, Մարիա Քէօշկերեան, Կայէլ Գրիգորեան, Նարէ Աշգարեան, Մարինէ Հալլաճեան, Աւօ Տագէսեան եւ Նարօտ Խտրլարեան: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք բեմ բարձրացաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան: Ան ողջունելէ ետք օրուան շրջանաւարտները, յաջողութիւն մաղթեց անոնց եւ վստահեցուց, որ անոնց առջեւ պիտի բացուին նոր առիթներ եւ խոստմնալից ասպարէզներ: Ճենտերեճեանի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փոխնախագահ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեան` ներկաներուն փոխանցելու իր տպաւորութիւնները: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ իրեն համար շատ մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է գտնուիլ Պէյրութի մէջ եւ մօտէն տեսնել այն բոլոր բաները, որ ինք լսած է Համազգայինի մասին, իր երաժշտական մարզին մէջ գործունեայ դարձած առաջին իսկ տարիներէն սկսեալ: Փրոֆ. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցչական կազմին, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին անոր ունեցած նախանձախնդրութեան համար: Փրոֆ. Յարութիւնեան հաստատեց, որ կեանքի յաջողութեան բանալին երախտագիտութիւնն է, եւ որեւէ նպատակի հասնելու համար պէտք է ըլլալ երախտագէտ: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ ան անսահման ցնծութեան զգացում մը կ՛ապրի եւ չի կրնար բառերով արտայայտել իր սրտին խօսքը, եւ այդ պատճառով ալ ուզեց երաժշտութեան միջոցով բաժնել իր սրտին խօսքը ներկաներուն հետ եւ դաշնակի վրայ նուագեց փունջ մը հայկական եղանակներ:

PG3_63016

Հանդէսի աւարտին Կարպիս Գապասագալեան բեմ հրաւիրեց Աշոտ Ճենտերեճեանը, Կարօ Աւէսեանը եւ փրոֆ. Վաղարշակ Յարութիւնեանը` բաշխելու համար վկայականները, որմէ ետք Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ փրոֆ. Յարութիւնեանին:

 

Նախորդը

ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տունը Օժտուեցաւ Վարսայարդարման Հիւրանոցով Մը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Եւ Գործադիր Վարչութեանց Ժողովներուն

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?