Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Եւ Գործադիր Վարչութեանց Ժողովներուն

July 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cilicia_62916

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը տեղի ունեցաւ 22-28 յունիս 2016-ին` Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա, թեմա ունենալով «Ուխտագնացութիւն` միասնաբար որոնենք մեր գործելադաշտերը»: Հայ եկեղեցին հայրապետական երկու աթոռներով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ժողովին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Եւրոպայի մէջ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Թենի Սիմոնեան:

Բացման օրը ժողովականները լսեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկուցումը: Ապա, տեղի ունեցան Կեդրոնական վարչութեան ենթայանձնախումբերու աշխատանքները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդի 10-րդ համաժողովին կողմէ որդեգրուած «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» նիւթին ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, արդարութեան, գաղթականութեան, վայրագութիւն յանուն կրօնի, երեխաներու իրաւունքի, կենսոլորտի փոփոխութեան եւ խորհուրդի նիւթական ու ծրագիրներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր: Յատուկ նիստ մը յատկացուեցաւ Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան եւ անոր ազդեցութեան` քրիստոնէութեան եւ շրջանի եկեղեցիներուն վրայ: Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները գործօն մասնակցութիւն բերին թէ՛ ենթայանձնախումբերու ժողովներուն եւ թէ՛ ընդհանուր նիստերուն ընթացքին:

Ժողովական նիստերուն առընթեր տեղի ունեցան Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն եկած ներկայացուցիչներուն հանդիպումները, ինչպէս նաեւ ուղղափառ եկեղեցական երկու ընտանիքներու ժողովը, որոնց եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները:

Ժողովի վերջընթեր օրը տեղի ունեցան ընտրութիւններ: Թենի Սիմոնեան ընտրուեցաւ համաժողովի Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ` նկատի ունենալով անոր երկար տարիներու փորձառութիւնը միջեկեղեցական շարժումին մէջ: Յառաջիկայ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2021 թուականին:

20-21 յունիս 2016-ին գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Թենի Սիմոնեան: Գործադիր վարչութիւնը քննարկեց Կեդրոնական վարչութեան ժողովին ընթացքին արծարծուելիք թղթածրարները եւ կարգ մը վարչական ու տնտեսական հարցեր:

Նախորդը

Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2015-2016 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան»

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.