Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տունը Օժտուեցաւ Վարսայարդարման Հիւրանոցով Մը

July 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

KAHL1_62916

Չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մէջ բացումը կատարուեցաւ նորակառոյց վարսայարդարման հիւրանոցի մը:

KAHL2_62916

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, որ ծանօթացնելէ ետք  բարերարներ Զաւէն եւ Միշել Սուլահեանները, ներկայացուց ծերանոցին մէջ վարսայարդարման հիւրանոց մը հաստատելու գաղափարի յղացումէն մինչեւ գործադրութիւն կատարուած բոլոր աշխատանքները: Ան աւելցուց, որ բարերարներն ու ծերանոցի տնօրէնութիւնը կը հաւատան, թէ հայ ծերունին ծերանոցին մէջ պէտք է ըլլայ ուրախ, պէտք է կազմէ նոր շրջանակ եւ ձերբազատի մեկուսացման պատճառած խնդիրներէն: Այս նպատակէն մեկելով, անոնք յղացած են գաղափարը հաստատելու վարսայարդարման հիւրանոց մը, ուր հայ ծերունին հոգեպէս հանգիստ եւ գոհունակ պիտի զգայ: Բարերարները նուիրած են նաեւ գոյնզգոյն վարագոյրներ` նկատի ունենալով, որ ծերանոցին մէջ իշխող  ճերմակ գոյնը հիւանդանոցի տպաւորութիւն կը ձգէ ծերունիներուն վրայ: Պատուելի Թերզեան յայտնեց նաեւ, որ Սուլահեան եղբայրները նուիրած են պատկերասփիւռի եւ աջակցած  նստասենեակներու նորոգման աշխատանքներուն:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Զաւէն Սուլահեան: Ան իր խօսքին ընդմէջէն յայտնեց կեանքին հանդէպ ունեցած իր փիլիսոփայութիւնը: Ըստ Զաւէն Սուլահեանին, մարդ արարածը երիտասարդ տարիքին պայքարը աւարտելէն ետք  պէտք է միայն վայելէ, այսինքն` ան իրաւունք ունի վայելելու միայն այն ատեն, երբ կը հասնի տարիքի մը, որ այլեւս պայքարելու կարիքը կամ կարողութիւնը չ՛ունենար: Զաւէն Սուլահեան աւելցուց նաեւ, որ երիտասարդական տարիքի վայելքները սոսկ ինքզինք տեսնելու եւ ցուցամոլութեան արդիւնք են: Մեկնելով այս փիլիսոփայութենէն` բարերարը կարեւոր նկատեց ծերունիներուն ուրախութիւն պատճառող բոլոր ծրագիրները:

KAHL3_62916f

Զաւէն Սուլահեանի խօսքէն ետք, պատուելի Սեպուհ Թերզեան , Զաւէն եւ Միշել Սուլահեաններու ընկերակցութեամբ` կտրեց ժապաւէնը, որմէ ետք ծերունիները անհամբեր կարգի սպասեցին յարդարելու համար իրենց մազերը:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները` առաջնորդութեամբ պատուելի Թերզեանին եւ Սուլահեան եղբայրներուն, մեկնեցան նստասենեակ, ուր հիւրասիրութիւններու կողքին անցուցին մտերմիկ մթնոլորտ մը եւ առաջարկներ փոխանակեցին յառաջիկայ ծրագիրներու գծով:

 

 

Նախորդը

Մարիա Զախարովա (Օրինակի Համար) Եւ Հայաստանի Ազգային Ապահովութիւնը

Յաջորդը

Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2015-2016 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.