Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Կոչ Կ՛ուղղէ Ալիեւին` Չփոշիացնելու Ձեռք Բերուած Դրական Արդիւնքները

June 30, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zakharova_62916

Արցախի տագնապի լուծման հարցը քննարկման սեփական ձեւաչափը ունի. 28 յունիսին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` պատասխանելով Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, 20 յունիսին տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման արդիւնքներուն մասին հարցումի մը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան աւելցուցած է, թէ Մոսկուա շատ լաւ կը հասկնայ, որ հաշուի առնելով տագնապին պատմութիւնն ու զգայունութիւնը, միշտ կայ մեծ ցանկութիւն եւ ձգտում մեկնաբանելու այդ հարցը, ակնարկելով յատկապէս ժողովի արդիւնքներուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջերս կատարած յայտարարութեան, թէ հետաքննութեան համակարգը անտեղի է այս հանգրուանին, հակառակ այս մասին գոյացած համաձայնութեան:

«Անհրաժեշտ է տարանջատել պարզաբանումներն ու հանրային բանավէճը, ինչպէս նաեւ հանրային տարածքը այս բարդագոյն խնդիրի լուծման համար օգտագործելու փորձերը: Խնդիրի լուծման համար կայ բանակցային հոլովոյթ, որուն ծիրին մէջ կ՛իյնան գերաստիճանները եւ երկկողմ կամ բազմակողմ հանդիպումները: Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումը, բոլոր մասնակից կողմերուն եւ դիտորդներուն գնահատականով, յաջող անցած է: Հանդիպումը աւարտած է համապատասխան յայտարարութեամբ, ամբողջութեան այն մակարդակով, որ կարելի է եւ համաձայնեցուած  կողմերուն միջեւ, այս փուլին: Անիկա կու տայ թէ՛ հանդիպման արդիւնքը եւ թէ՛ յառաջ շարժելու ուղիներուն եւ հեռանկարներուն մանրամասնութիւնները: Այժմ խիստ կարեւոր է չփոշիացնել ձեռք բերուած դրական արդիւնքները հանրային յայտարարութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ: Զանոնք պէտք է պահպանել, որպէսզի հետագային կեանքի կոչուին գործնական քայլերու տեսքով», ըսած է ան` աւելցնելով. «Կը հասկնամ, որ ասիկա գերդիւանագիտական պատասխան է: Հաւանաբար, դուք կը փափաքէիք յաւելեալ յստակացում եւ կանխատեսումներ, սակայն կան նիւթեր, որոնք լռութիւն կը պահանջեն, ոչ թէ որովհետեւ ծածկելու անհրաժեշտութիւն կայ, այլ որովհետեւ այս հանգրուանին պէտք է աշխատին դիւանագէտներն ու փորձագէտները: Հասարակական կարծիքը պարտաւոր է պահանջել ու իմանալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, սակայն կայ տարբերութիւն տեղեկատուութիւն տրամադրելու եւ հասարակական տարածքը «պարանը ձգելու» համար օգտագործելու միջեւ: Այստեղ կարեւոր է ցոյց չտալ, թէ ո՛վ աւելի ուժեղ է, ո՛վ աւելի շատ կէտեր ապահովեց, այլ ընել այնպէս, որ նախանշուին խնդիրի լուծման ուղիները, որպէսզի այդ լուծումը անցնի աւելի յստակ, իրական հարթութեան: Մենք երկրորդ մօտեցման կողմնակից ենք, հաշուի առնելով նաեւ, որ հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը կարեւոր բաղադրիչ է»:

Զախարովայի համաձայն, երբ ըլլան յստակ տուեալներ, զորս կարելի է մեկնաբանել, մեկնաբանութիւններ կը կատարուին: «Կը կրկնեմ, ի սկզբանէ մենք դիմած ենք բոլոր կողմերուն` խնդրելով օգտագործել բանավէճի համար բանակցային հոլովոյթները, եւ ոչ թէ հանրային տարածքը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը իրօք յառաջխաղացք արձանագրէ», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

Զուիցերիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահը Ցեղասպանութեան Հարցով Պապի Դիրքորոշումը Կը Նկատէ Կատարելապէս Յստակ

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ի Պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանին Շարժում Մը Կը Սկսի

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.