
Զուիցերիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ, Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակի համանախագահ Տոմինիք տը Պիւման «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս պապի հայաստանեան այցելութեան առաջնային նպատակը այն էր, որ ան կու գայ քրիստոնէութիւնը` իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին երկիր:
«Ան համաշխարհային ազդեցութիւն ունի: Կ՛ընէ այն, ինչ որ կ՛ըսէ, եւ հակառակը, կ՛ըսէ այն, ինչ որ կ՛ընէ: 2015-ի ապրիլին Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ ան շատ յստակօրէն ճանչցաւ ցեղասպանութիւնը. ասիկա այնքան հզօր էր, որ այլեւս ետքայլ չկար: Եւ յստակ է, որ ի զուր չէր անոր` 3 օր Հայաստանի մէջ նոյնը կատարելու որոշումը: Ան կ՛ուզէր նաեւ անգամ մը եւս յիշեցնել, որ կու գայ առաջին քրիստոնեայ երկիր` սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան իր պատգամը ըսելու», յայտնած է Զուիցերիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը:
Ըստ անոր, ցեղասպանութեան հարցով պապի դիրքորոշումը շատ յստակ է: «Ան խնդիր չունէր ցեղասպանութիւն բառը դարձեալ արտաբերելու, ան ապացուցելու ոչինչ ունէր, որովհետեւ ատիկա արդէն կատարած էր եւ շատ աւելի դժուար վայրի մէջ: Ան կ՛ուզէ ըսել, որ բոլոր ցեղասպանութիւններն ալ պէտք է ճանչնալ, յայտարարել, դատապարտել. անոնք, որոնք ճանչցուած չեն մինչեւ այսօր եւ մանաւանդ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ, որոնք ամբողջ աշխարհի վրայ ամէնէն շատ տուժածներն են», ընդգծած է ան:
Տոմինիք տը Պիւման նշած է, որ պապը Հայաստանի համար կը ստեղծէ արտաքին յարաբերութիւններ, կը փորձէ վերցնել այն խոչընդոտները, որոնք չի կրնար ստեղծել Հայաստանի դրացիներու համար, որովհետեւ անիկա իր մէջ կը կրէ երկու խնդիր` զօրակցութիւն բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն եւ բոլոր ազգերուն միջեւ համերաշխութեան պահանջ: Ան խտրականութիւն չի դներ, եւ այս է անոր ուժը. սէրը չի կրնար բաժնուիլ միայն որոշ մարդոց միջեւ, անիկա համաշխարհային արժէք է», եզրափակած է Զուիցերիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը:


