ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գնումներ կատարեցէք, որոնք պիտի փոխեն ձեր առօրեան: Բայց նոյն ատեն ուշադիր եղէք ձեր ծախսերուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործունէութիւնը որոշած էք` առանց նկատի առնելու ուրիշներուն կարծիքը: Այսուհանդերձ, ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, յարգեցէք ուրիշներն ալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բացուեցէք դէպի ձեր շուրջինները, փոխանակումներ կատարեցէք: Այս կեցուածքը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ուրիշներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ հրաւիրուած էք տօնական հաւաքոյթի մը, ընդունեցէք եւ վայելեցէք, որքան որ կրնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ներկայացուցէք ձեր գաղափարները` առանց վախնալու ծիծաղելի ըլլալէ. ձեր տարբերութիւնը ձեր ուժն է, պէտք է օգտագործէք այս որակը դուք ձեզ նշմարելի դարձնելու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք խորհրդածելու եւ հանգստանալու համար: Այս առիթով կրնաք նոր ծրագիրներ մշակել ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կառուցէք ձեր ապագան անոնց հետ, որոնք կը սիրէք: Անտարբեր մի՛ մնաք կեանքի ելեւէջներուն նկատմամբ: Գործնական եւ իրապաշտ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Համերաշխութեան գետին մը գտէք, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Ջանացէք լաւ յարաբերութիւն մշակել ձեր շրջապատին հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը շատ յարմար է տնային գործեր կատարելու: Երկար ատենէ ի վեր չէք աշխատած պէտք եղած ձեւով, հետեւաբար այսօր պէտք է կատարէք ամէն ինչ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր մարզաձեւով մը հետաքրքրուեցէք, որ պիտի փոխէ ձեր տրամադրութիւնը: Ձեր ընտանիքի անդամները միացուցէք ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տնային գործերը եռանդ կը պահանջեն, ինչպէս նաեւ` կազմակերպուածութիւն եւ հարազատներու օգնութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկխօսութիւնը բաց պիտի մնայ: Մասնակցեցէք խօսակցութեան: Եղէք իրապաշտ, եւ ձեր խօսքերը թող համապատասխանեն իրականութեան: