ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Անգլիոյ թերթերը կը խորագրեն իրենց ազգային պարտութիւնը: Այս անգամ ֆութպոլի մէջ է, որ դուրս կու գայ Անգլիան Եւրոպայէն:
«Տը Սան»-ը կը խորագրէ. «Յիմարները սառոյցի երկիր մեկնած են», «Հոճսըն կը հեռանայ երեք առիւծներուն խայտառակուելէն ետք», իսկ «Տը թայմզ»-ի ետեւի կողքին վրայ կը կարդանք. «Հոճսըն կը հեռանայ ամօթխածութեամբ»: Մինչ «Միրըր Սփորթ» կը մեծատառէ. «BRRREXIT HODGSON»:
Ինչպէս ամէն միջազգային մրցաշարքի սովորութիւն դարձած է, Անգլիոյ ազգային հաւաքականը, յուսախաբ ընելով իր համակիրները, հանդէս եկաւ վատ կատարումով եւ մրցաշարքէն դուրս եկաւ արժանաբար:
Անգլիոյ խաղցողներուն անունները չեն արդարացներ այսպիսի պարտութիւններ, մանաւանդ երկրի մը դէմ, որուն բնակչութիւնը միմիայն 323.000 է, այսինքն` Լիվըրփուլ քաղաքի բնակչութենէն պակաս:
Ամէն դիրքի վրայ Անգլիան աստղով օժտուած կազմ ունենալով հանդերձ, թերութիւնը կը մնայ նոյնը. մեծանուններ, բարձր ակնկալիքներ, աղմուկ, սակայն դաշտի վրայ կատարումը` անբաւարար:
Ճօ Հարթ քանի մը անգամ վրիպեցաւ այս մրցաշարքին, եւ իր պատճառով վճռական կոլեր ստացաւ Անգլիան, եւ ըստ այնմ պաշտպանութեան անառիկութիւնը խախտեցաւ, մէջտեղի գիծը պէտք եղածին չափ ստեղծագործ չկրցաւ ըլլալ բոլոր խաղերուն: Ռունիին փոխանցումները ակնկալելի էին, ան դարձեալ փաստեց, որ Սքոլզ ըլլալու համար դեռ շա՜տ կ՛ուզէ, դէպի առջեւ ճեղքող փոխանցումներու մէջ ձախող դուրս եկաւ` յաճախ անտեղի եւ երկար փոխանցումներ կատարելով: Անգլիոյ թեւերը կարծես անգործունեայ էին բոլոր խաղերուն: Թերեւս ասոր պատճառը այն է, որ 4-3-3 կազմուածքին մէջ երկու թեւերը ետեւէն` դաշտին կէսէն, չեն կրնար առջեւ սուրալ մրցակիցին անցնելով, փոխարէնը աւելի յառաջացած դիրքի վրայ կը մնան, գիծէն հեռու, աւելի ներս` յառաջապահին մօտ:
Գնդակ պահելու արուեստին մէջ անգլիացիք թերեւս զարգացած էին այս տարի` նախորդ տարիներուն համեմատ, սակայն կարճ փասերու խաղարկութեան մէջ հմտութեան, արագութեան եւ ճշգրտութեան պակաս կար ընդհանրապէս, առանց գնդակի շարժելու մէջ մակարդակը տկար էր: Ենթադրաբար մարզիչին ցուցմունքներուն համաձայն էր, որ խաղցողները եռանկիւններ չէին կազմեր, արագ մէկ-երկուներ չէին կրնար խաղալ, որովհետեւ իրարմէ հեռու կը կենային, երկար փասերու եւ խաչաձեւ փոխանցումներու վստահած էին:
Զարմանալի է, որ Սթարիճին պէս խաղցող մը, որ մէկ ընդդէմ մէկի բացառիկ խաղցող է, ճկուն ոտքերով եւ գնդակը ոտքերուն տաղանդաւոր խաղցող է, չկրցաւ փայլիլ մրցաշարքին. սովորական խաղցող դարձած էր, նոյնիսկ չկրցաւ Իսլանտայի յետսապահները գերազանցել:
18-ամեայ Մարքս Ռաշֆորտ այն քիչերէն էր, որ աչքի ինկաւ:
Ցաւալի է, որ Անգլիոյ առաջնութենէն տաղանդաւոր եւ երիտասարդ աստղերու բոյլ մը դարձեալ ձախողեցաւ միջազգային գետնի վրայ:
Մարզիչ Ռոյ Հոճսըն, ինչպէս իր նախորդները, չկրցաւ իր ունեցած ուժերը գործի ծառայեցնել` իր կազմը կանուխ տուն վերադարձնելով, ինքն ալ իր կարգին հրաժարելով իր պաշտօնէն:
Կը մնայ սպասել նոր երկու տարի. տեսնենք` պիտի կրկնուի՞ նոյն անգլիական բեմագրութիւնը յաջորդ միջազգային իրադրութեան (անշուշտ, եթէ Անգլիոյ հաւաքականը զտումը անցնի):