Երէկ` երեքշաբթի, 28 յունիսին, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ սկսաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը բաւական տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ 83-64 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Մոլտովայի:
Հայրենի մարզիկները չորս քորթըրներուն ալ գերազանցեցին իրենց մրցակիցին (18-11, 23-19, 19-17 եւ 23-17):
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անտրէ – Սփայթ Մկրտչեան (24 կէտ):
Գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի գլխաւորած Հայաստանի հաւաքականը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այսօր` չորեքշաբթի, Անտորրայի ազգային խումբին դէմ: