ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անոնք, որոնք գլուխնին ծռած` աճապարանքով կ՛աշխատին շաբթուան ընթացքին, դիւրութեամբ պիտի չկրնան աւարտել իրենց գործերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խնճոյքի մը ընթացքին օրուան թագաւորը պիտի ըլլաք: Այս օր տարուան ձեր ամէնէն բախտաւոր օրը պիտի ըլլայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամութինը եւ պաշտօնի յարաբերութիւնը մի՛ շփոթէք. եթէ նոյնիսկ անոնք լաւ ընթացքի մէջ ըլլան, դուք հոն էք աշխատելու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գէշ անակնկալ մը կայ ձեր գործին մէջ: Կարելի եղածին չափ դիմադրեցէք: Անակնկալները թող չզարմացնեն ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ իրարանցումը եւ զուր խօսակցութիւնը ձեզի պիտի ստիպեն հեռու մնալ այդպիսի վիճակներէն, որպէսզի պարապ ժամեր լեցնէք եւ նորութիւններ իմանաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ապագայի ծրագիր մը երեւան պիտի գայ. ասիկա պիտի մտահոգէ ձեզ, բայց փոխեցէք ձեր տրամադրութիւնը, որպէսզի կարենաք համբերութեամբ նոր ճամբայ մը գտնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ յարաբերութիւնը լարուած պիտի ըլլայ: Իւրաքանչիւրը կը շահարկէ իր անկիւնէն, բայց ժամանակը կը լուծէ հարցերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուրիշներուն անպատասխանատու վերաբերումը ձեզի պիտի ստիպէ կրկնապատկել ձեր աշխատանքը, բնականէն տարբեր ձեւով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վերատեսութեան ենթարկեցէք սիրոյ ձեր կապը: Մի՛ ձեւացնէք այնպէս, որ ամէն ինչ ընդունուած է: Արթնամիտ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ լուրերը ղրկեցէք ձեր ընտանիքին: Ձեր լռութիւնը նկատի պիտի առնուի ուշադրութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երբ ուրիշներ անկեղծ են ձեզի հետ, ասիկա նուէր մըն է, զոր դուք ձեզի կ՛ընծայէք: Խուսափեցէք այն անձերէն, որոնց խօսքերը յստակ չեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարեւոր որոշում մը` ձեր գործին մէջ: Այս որոշումը նոր մտածումներ պիտի ստեղծէ` առանց գիտնալու, թէ ինչի՛ պիտի յանգի այդ: