
ԵԱՀԿ-ի մէջ Գերմանիոյ նախագահութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պերլինի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիոյի (Ֆրանսա) հետ:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 29 յունիսին պիտի այցելէ Փարիզ, ուր իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Մարք Էյրոյի հետ պիտի քննարկէ Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու լուծումը:
«Լաւրով 29 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի հասնի Փարիզ: Կը ծրագրուի կարծիքներու խորացուած փոխանակում կատարել միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերու շուրջ, անկասկած, պիտի արծարծուին նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ պայքարի մէջ գործակցութեան նիւթերը, նաեւ Ուքրանիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Միջին Արեւելքի տագնապներու լուծման հեռանկարները», ըսաւ Զախարովա:


