ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ բարեկամութիւնը յայտնի կ՛ըլլայ նեղութեան ժամանակ, երբ կը զգաս, որ նեցուկ մը ունիս: Այն բարեկամը, երբ քու նեղութեանդ ատեն չ՛օգներ քեզի, պէտք է հեռու պահես քեզմէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ դուք ձեզ լաւ կը զգաք ձեր ընտրած ճամբուն վրայ, այն ատեն թոյլ մի՛ տաք, որ տկարանաք: Օրը ունի աշխատանքային ժամեր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք երազներ, որոնք ձեզ լաւ ճամբու վրայ պիտի դնեն, եթէ ժամանակ տրամադրէք զանոնք ուղղելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ստորագրես կարեւոր համաձայնագիր մը, որ ապագայի քու գործերուդ նկատմամբ մեծ խոստումներ կու տայ: Բախտաւոր էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք խմբական աշխատանքին մէջ լաւ մասնակցութիւն բերել: Իւրաքանչիւրը պիտի բերէ իր մասնագիտութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մեծ եռանդ ցոյց պիտի տաք ձեր աշխատանքին մէջ: Այս պատճառով մեծ վստահութիւն պիտի ներշնչէք ձեր մեծաւորներուն: Պիտի ստանաք ամսականի յաւելում:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրուան օրակարգը սէրն է: Ձեզի պիտի արտայայտուի սէր մը կամ ձեզի միանալու առաջարկ մը: Ընդունեցէք կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեզի հետ խաղաղութիւն պիտի կնքէք, ինչ որ պիտի օգնէ երթալու դէպի ուրիշները: Երկար ժամանակէ ի վեր առանձնացած էիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պտտեցէք առանց որոշ նպատակի: Ձգեցէք, որ բախտը ձեզ առաջնորդէ, ուր որ ինք կ՛ուզէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ տնօրէնութեան հետ ձեր յարաբերութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են. ձեզի պիտի վստահին, եւ դուք պիտի ունենաք պաշտօնի բարձրացում: Բախտաւոր էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կեանքը ապրեցէք ամենայն զօրութեամբ: Զայն պիտի գտնէք հաճելի: Շարունակեցէք ապրիլ ձեզի ընծայուած բարիքներով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փափաքը ունիք ընդառաջելու մարտահրաւէրի մը: Ժամանակը նպաստաւոր է, վայելեցէք կեանքը ըստ ձեր ճաշակին: