Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 21 յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղար Արմէն Գէորգեանը:
Քննարկուած են անվտանգութեան առնչուող խնդիրներուն գծով հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է Արմէն Գէորգեանը` պատասխանատու պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով` անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք:
Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մարատ Մուսայէլեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիքթոր Քոչարեան: