Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը «որոշ զգուշաւորութեամբ» ըսած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կայացած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
20 յունիսին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարար Նալբանդեան նշած է, որ եռակողմանի հանդիպումը տրամաբանական շարունակութիւնն էր մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ընթացքին կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած էին` բանակցային հոլովոյթին վերսկսելու համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման վերաբերող:
«Գիտէք, որ Վիեննայի մէջ եռանախագահող երկիրներու նախարարներու մակարդակով յայտարարութիւն կատարուեցաւ, հոն կ՛արտացոլային այն պայմանաւորուածութիւններն ու յանձնառութիւնները, զորս կողմերը ստանձնած էին. նախ եւ առաջ` բացառապէս խաղաղ ուղիով տագնապի լուծում, յարգում 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու, որոնց կարեւորութեան յատուկ անդրադարձան համանախագահ երկիրներու նախարարները: Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանին ու Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ», ըսած է Նալբանդեան:
Ան յիշած է անկէ ետք Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումները, որոնց ընթացքին համապատասխան մանրամասն առաջարկներ ներկայացուեցան հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի անդամներու թիւի բարձրացման մասին:
Նշելով, որ հայկական կողմը եռանախագահող երկիրներուն հետ կ՛աշխատի այդ երկու առաջարկներուն ուղղութեամբ` Նալբանդեան ըսած է. «Ցաւօք, կրնանք ըսել, որ Ազրպէյճան մինչ օրս կառուցողական մօտեցում չէր ցուցաբերեր այս հարցին վերաբերեալ: Փաստօրէն, իրենք ցայսօր կը խոչընդոտէին ԵԱՀԿ-ի ելեւմտական եւ պիւտճէական յանձնախումբին մէջ, որպէսզի ֆինանսաւորում չտրամադրուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի ընդլայնման»:
Նախարարը շեշտած է, որ 20 յունիսին տեղի ունեցած հանդիպումին անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուեցաւ այդ խումբի թիւի յաւելումը: «Այս մասին նշուած է յայտարարութեան մէջ, զոր կատարեցին նախագահները հանդիպումէն ետք: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ ստեղծման այն մեքանիզմին, որուն առնչութեամբ որոշում տրուած էր Վիեննայի մէջ, եւ ասիկա առաջին անգամը չէր: Այդպիսի մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ կողմերը պայմանաւորուած էին դեռ առնուազն երկու անգամ նախագահներու մակարդակով` Սոչիի մէջ 2011 թուականին եւ 2012 թուականին: Նորէն նոյն բանը պատահած է, ամէն անգամ Ազրպէյճան փորձած է ետքայլ կատարել», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Ի հարկէ, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի միջեւ այս ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական կողմը տարբեր յայտարարութիւններով, չեմ կրնար ըսել, որ կառուցողական, հանդէս եկած է, նաեւ կայ այն, որ երէկ եւ այսօր` այս օրերուն, երբ վեհաժողով տեղի կ՛ունենար, Ազրպէյճան լայնածաւալ ռազմափորձեր կը կատարէր` 25 հազար զինուորներով եւ ծանր սպառազինութեամբ: Չեմ կարծեր, թէ ասիկա կառուցողական մօտեցում է վեհաժողովներէն առաջ եւ անոնց ընթացքին»:
Բայց եւ այնպէս, հակառակ այս բոլորին, նախարարը բաւական օգտակար նկատած է հանդիպումը` «որոշ զգուշաւորութեամբ», եւ դիտել տուած է, որ անիկա կայացած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ: «Որոշ հարցերու շուրջ նախագահները եկան այն ըմբռնումին, որ եթէ անոնց շուրջ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, ապա կարելիութիւն պիտի ստեղծուի բանակցային հոլովոյթը ուղղել դէպի տագնապի լուծում: Այս մասին կը նշուի Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովի արդիւնքներուն վերաբերող նախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ»:
«Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ պիտի շարունակուին հանդիպումները նախագահներու ու նախարարներու մակարդակով, եւ որ հոլովոյթը պիտի շարունակուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափով: Պատահական չէր, որ նախագահներուն հանդիպման եզրափակիչ բաժինով եռանախագահող երկիրներուն դեսպանները հրաւիրուեցան ներկայ գտնուելու անոր: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ եռանախագահներուն հետ եւ ներկայացուց մեր տպաւորութիւնները այս վեհաժողովին արդիւնքներուն մասին», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: