Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

March 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպման պահուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է շրջանային շրջապտոյի մը ծիրին մէջ Երեւան այցելած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատած է Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ կայացած վերջին եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ բանակցութիւնները շարունակելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը: Նշուած է, որ հանդիպման յաջորդած ժամանակահատուածին` հայկական կողմը հետեւողական քայլեր կատարած է` ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վերաբերեալ հանրութիւնը իրազեկելու եւ կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Կողմերը անդրադարձած են Սոչիի հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող սադրանքներուն, ինչպէս` հայ զինուորի մը սպանութեան, ապակառուցողական յայտարարութիւններուն եւ սադրանքներուն, մասնաւորապէս` հայ արձակազէնի մը կրակոցէն զոհուած իննամեայ ազրպէյճանցի երեխայի մասին տարածուող ապատեղեկատուութեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ այդ մեղադրանքը բացարձակ զրպարտանք է, քանի որ քաղաքացիական բնակչութեան, յատկապէս երեխաներու դէմ գործողութիւնները չեն տեղաւորուիր հայ զինուորի բարոյական կերպարին մէջ: Տուեալ միջադէպի պարագային մեղադրանքը առաւել քան սին է, որովհետեւ նշուած տարածքին մէջ այդպիսի դէպք մը անկարելի է նոյնիսկ գիտարուեստականօրէն:

Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին հետագայ քայլերը:

Նշենք, որ նախագահի հետ հանդիպման նախորդած էր համանախագահներու հանդիպումը արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանդեանի հետ: Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, Նալբանդեանը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն կազմակերպուող շարունակական սադրանքներուն եւ զինադադարի խախտումներուն վրայ` նշելով, որ անոնք չեն նպաստեր բանակցային հոլովոյթին մէջ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման: Ան աւելցուցած է, որ եթէ Ազրպէյճան համաձայնութիւն տար Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջազգային հանրութեան կողմէն վերջին երկու տարուան ընթացքին հնչող կոչերուն` դուրս բերելու արձակազէնները շփման գիծէն եւ ամրապնդելու զինադադարը, ատիկա պիտի նպաստէր խաղաղ հոլովոյթի յառաջընթացին:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ, Պեռնար Ֆասիէ եւ Իկոր Փոփով նախանցեալ օր Պաքուէն Երեւան հասան: Միջնորդները երէկ հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Ըստ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի, այցելութեան ծիրին մէջ միջնորդները պիտի քննարկեն ղարաբաղեան վերջին իրավիճակը, յառաջիկայ քայլերը եւ զօրքերու շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան յաճախակի խախտումները:

Այսօր Հայաստան պիտի այցելէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս, որ շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ արդէն այցելած է Պաքու եւ Թիֆլիս:

Աժուպալիս Պաքուի մէջ խօսեցաւ ռազմագերիներու, արձակազէնները շփման գիծէն հեռացնելու եւ հետաքննող մարմին ստեղելու հարցերուն մասին: Ան շեշտեց յստակ քայլերու անհրաժեշտութիւնը:

Աժուպալիս Պաքուի մէջ կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց կատարելու: Ան յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները կը շարունակուին, բայց ժամանակն է, որ կողմերը լուրջ յառաջընթացի հասնին:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Մասիս Մայիլեան յայտնեց, որ Աժուպալիսի եւ Սոչիի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման համար ճիշդ ուղղութիւն ընտրուած է:

Ուշագրաւ է յատկապէս արձակազէնները շփման գիծէն հեռացնելու մասին յայտարարութիւնները: Անցեալին ալ եւրոպացի դիւանագէտները Ազրպէյճանին բազմիցս կոչ ուղղած էին արձակազէններու հեռացման գծով, սակայն Ազրպէյճան յամառօրէն կ՛անտեսէր կոչերը եւ կը խախտէր զինադադարի դրութիւնը:

Նախորդը

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻՆ «ԴԱԳԱՂԸ»

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ԿԸ ՍՏԻՊԷ ԷՋՔ ԿԱՏԱՐԵԼ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։