Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան Նախագահներուն Յառաջիկայ Հանդիպումը Լուրջ Փորձութիւն Կը Նկատէ Ազրպէյճանի Համար

Յունիս 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kocharian_61916

Վիեննայի մէջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու գործադրութիւնը շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն վերսկսելու համար:

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: «Առանց անոր խօսիլ որեւէ յառաջընթացի, արդիւնաւէտ բանակցութիւններու մասին, անկարելի է: Այդ տեսակէտէն  այս հանդիպումը քննութիւն է Ազրպէյճանի համար` արդեօք ան Վիեննայի մէջ, չկրնալով դիմակայել այդ երեք պետութիւններու  ներկայացուցիչներուն ճնշումը կամ առաջարկները, համաձայն գտնուեցա՞ւ, իսկ հիմա պիտի փորձէ տապալե՞լ, թէ՞ ոչ», յայտնած է Քոչարեան: Ըստ անոր, Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու առումով որոշ յառաջընթաց կայ, իսկ յառաջընթացը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ԵԱՀԿ-ն համապատասխան փաստաթուղթեր ներկայացուցած է:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ յառաջատար դիրք գրաւելու հարցին` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ըսած է. «Դժուար է ըսել: Ամբողջ այս հոլովոյթին մէջ պարբերաբար համանախագահներէն որեւէ մէկը այդ ձեր ըսած յառաջատար դիրքը ունեցած է, այսինքն` աւելի նախաձեռնող  եղած է: Ժամանակին ատիկա եղած են Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները. Ռուսիան` Մետվետեւի նախագահութեան օրերուն եղած է շատ աշխուժ: Ներկայիս պատահական չէ այդ տպաւորութիւնը, որ Ռուսիան, կարծես, ցանկութիւն ունի այդ յառաջատարի ձեր ըսած դիրքը գրաւել, սակայն, յամենայն դէպս, մինչեւ այսօր այդպիսի քայլերը եղած են համաձայնեցուած բոլոր երեքին միջեւ, եւ, եթէ այդպիսի իրավիճակը չըլլայ լիարժէք համաձայնեցուած, ապա ատիկա որեւէ ձեւով չի նպաստեր բուն բանակցային հոլովոյթի յառաջընթացին»:

Քոչարեան նաեւ լուսարձակի տակ առած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ Ռուսիա կը շարունակէ խորացնել ռազմական համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ: «Այդ բոլոր յայտարարութիւններուն պէտք է ուշադիր հետեւինք, ընդունինք ի գիտութիւն, եւ մենք միշտ պէտք է երկու հանգամանք հաշուի առնենք: Առաջինը` անվտանգութեան պաշտպանութեան հարցերուն մէջ մենք մեր յոյսը նախ եւ առաջ պէտք է դնենք մեր վրայ, երկրորդը` համագործակցութիւնը տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կը նպաստէ, որ այդ հաւանական սպառնալիքը չէզոքանայ: Այդ շրջագիծին մէջ է նաեւ մեր համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ` ոչ աւելի, որովհետեւ եթէ մեծ սպասելիքներ կան, որ Ռուսիան կու գայ մեր փոխարէն մեր անվտանգութեան խնդիրները կը լուծէ, ատիկա կոպիտ սխալ է: Անկէ ետք կրնայ հիասթափութիւն ըլլալ: Որեւէ երկիր կը մեկնի իր շահերէն, եւ ուր երկու պետութիւններուն շահերը կը համընկնին, այդտեղ դուն ունիս լիարժէք համագործակցութիւն: Մենք մեր շահերը լաւ գիտենք, Ռուսիան ալ իր շահերը գիտէ, եւ մենք պէտք է միշտ յստակ գիտակցինք, թէ ո՛ւր է այն եզրը, որ կայ շահերու համընկնում», ընդգծած է ան:

Եզրափակելով` Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նոր փաստաթուղթ գոյութիւն չունի: Միակ փաստաթուղթը, որ դրուած է իբրեւ հիմք բանակցութիւններուն համար, եւ զոր ընդունած են հակամարտող երեք կողմերէն միայն երկուքը, մատրիտեան փաստաթուղթն է: «Որեւէ այլ փաստաթուղթ, որուն կողմերը համաձայնութիւն տուած են, գոյութիւն չունի: Վերջին փաստաթուղթը, որ լրջօրէն քննարկուած է եւ որ Ազրպէյճանը տապալեց` բազմաթիւ առաջարկներ ընելով, ատիկա Քազանի փաստաթուղթն է», յայտնած է փոխնախարարը:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Կը Դատապարտէ «Հայկական Նախայարձակ Քայլերուն Աջակցող» Իրանի Քայլերը

Յաջորդը

Իբրեւ Հակազդեցութիւն Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման. Էրտողան Կը Խոստանայ Կեզիի Մէջ Վերաշինել Օսմանեան Զօրանոցը

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?