Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իբրեւ Հակազդեցութիւն Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման. Էրտողան Կը Խոստանայ Կեզիի Մէջ Վերաշինել Օսմանեան Զօրանոցը

Յունիս 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_61916

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ հանդիսութեան մը ընթացքին խոստացաւ վերաշինել Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիի մէջ գտնուող պատմական Թաքսիմ զօրանոցը, ծրագիր մը, որ 2013-ին երկրին մէջ յառաջացուցած էր կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերու բուռն ալիք մը:

«Նիւթերէն մէկը, որուն նկատմամբ պէտք է քաջ ըլլանք, Թաքսիմի մէջ Կեզի զբօսայգին է: Ահա այստեղ անգամ մը եւս կ՛ըսեմ. այդտեղ պիտի կառուցենք այդ պատմական շէնքը», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Եթէ մեր պատմութեան պիտի վերատիրանանք, այդտեղ պատմական շէնք մը կար: Մենք զայն պիտի վերակառուցենք», ըսաւ ան:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիան պէտք է ատիկա կատարէ, անկախ այն իրողութենէն, թէ շէնքը պիտի ըլլայ պատմութեան կամ քաղաքի թանգարան մը: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ, որ ծրագիրը պիտի ներառէ անկիւն մը, ուր իբրեւ հակազդեցութիւն Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, պիտի ցուցադրուին Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ժխտական փուլերը:

«Գերմանիա գտնուողները բան մը ըսին: Թաքսիմի մէջ անոնց պիտի վերապահենք անկիւն մը եւ աշխարհին ներկայացնենք այն, ինչ որ կատարած են: Անկիւն մը պիտի վերապահենք ֆրանսացիներուն եւ աշխարհին ներկայացնենք անոնց ոճիրները: Նաեւ անկիւն մը պիտի վերապահենք ամերիկացիներուն եւ զանոնք եւս ծանօթացնենք: Աշխարհը պէտք է զանոնք բոլորն ալ ճանչնայ եւ տեսնէ այն, ինչ որ գործած են», ըսաւ Էրտողան:

«Անոնք, որոնք այս ժողովուրդը կ՛աղարտեն, այդտեղ պիտի տեսնեն այս ժողովուրդը: Մենք սեւ պատմութիւն մը չունինք, մեր պատմութիւնը մաքուր է: Մարդիկ պէտք է ատիկա տեսնեն», նշեց ան:

Միւս կողմէ, Պոլսոյ Ենիքափը շրջանին մէջ տեղի ունեցած այլ իֆթարի մը ընթացքին, անդրադառնալով 2013-ի Կեզիի ցոյցերուն, Էրտողան ըսաւ. «Այդ դէպքերը պատահեցան ցուցմունքովը խմբակի մը, որ կ՛ուզէր իր միտքերը, գաղափարախօսութիւններն ու ապրելակերպը պարտադրել Պոլսոյ եւ ամբողջ երկրին: Անոնք Պոլսոյ մեծագոյն վնասը պատճառեցին»:

Մինչ այդ, Պոլսոյ ոստիկանութիւնը բռնի ուժով ցրուեց ցուցարարներ, որոնք կը բողոքէին իսլամականներու կողմէ ռոք երաժշտութեան խումբի մը համակիրներուն դէմ գործուած յարձակումին դէմ: Վերջիներս տիսքերու վաճառքի խանութի մը մէջ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրէին եւ ռամատանի ընթացքին ոգելից ըմպելիներ կը խմէին:

Ցուցարարները իսլամականներուն դէմ կարգախօսներ եւ «կողք-կողքի ֆաշականութեան դէմ» կը բացագանչէին, ինչպէս նաեւ Էրտողանը կը կոչէին «գող», «մարդասպան»:

 

 

Նախորդը

Շաւարշ Քոչարեան Նախագահներուն Յառաջիկայ Հանդիպումը Լուրջ Փորձութիւն Կը Նկատէ Ազրպէյճանի Համար

Յաջորդը

Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Անունը Կրող Մասնաշէնքին

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?