Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Կը Դատապարտէ «Հայկական Նախայարձակ Քայլերուն Աջակցող» Իրանի Քայլերը

Յունիս 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

azr-iran_61516

«Արմենիա.ազ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 14 յունիսին գումարուած արտահերթ նիստի մը ընթացքին, Ազրպէյճանի խորհրդարանը դատապարտեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով Իրանի դիրքորոշումը` միաժամանակ պահանջելով անկէ, որ փոփոխութեան ենթարկէ «հայկական նախայարձակ քայլերուն աջակցելու» իր կեցուածքը: Խորհրդարանը նաեւ քննադատեց Երեւանի հետ Թեհրանի հետզհետէ աւելի ամրապնդուող համագործակցութիւնը:

«Դժբախտաբար, Թեհրան կը համագործակցի ազրպէյճանական հողերը բռնագրաւած Հայաստանի հետ», այս առիթով յայտարարած է երեսփոխան Զահիտ Օրուճ` դժգոհութիւն յայտնելով նաեւ Իրանի նախագահին յառաջիկայ Երեւան այցելութենէն, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը վերցնելու համաձայնութեան կապակցութեամբ: Ան յիշեցուցած է Իրանի իշխանութեանց, որ Պաքուն Արեւմուտքի կողմէ Թեհրանի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն մասնակից չէ եւ արտօնութիւն չի տար, որ Ազրպէյճանի տարածքները օգտագործուին Իրանին հարուածներ հասցնելու համար:

Իր կարգին, Կուտրաթ Հասանկուլիեւ փորձած է վստահեցնել, թէ Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի համագործակցութիւնը նոյնպէս ուղղուած չէ Իրանի դէմ` աւելցնելով. «Ուշ կամ կանուխ, մենք պիտի ազատենք մեր գրաւուած տարածքները, ինչին համար ալ մենք ձեռք կը բերենք իսրայէլեան սպառազինութիւն»:

Նաեւ, Ֆազիլ Մուսթաֆա ցաւ յայտնած է, որ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կառուցելու ջանքերուն ընթացքին, Իրան կը մոռնայ, «որ Հայաստան գրաւուած կը պահէ Ազրպէյճանի տարածքները»:

Միւս կողմէ, «Փանորամա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Իրանի Արտապիլ նահանգի նախկին նահանգապետ եւ Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Մանսուր Հաղիղաթփուր ըսած է, որ «Իրանի համար, Ազրպէյճանի փոխարէն` հիւսիս-հարաւ միջանցքը կապող երկիրը կրնայ դառնալ Հայաստանը»` անդրադառնալով Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը վերցնելու համաձայնութեան շուրջ Պաքուի մէջ բարձրացուած աղմուկին եւ ազրպէյճանցի պատգամաւորներու կողմէ Իրանի հասցէին հնչած վիրաւորական յայտարարութիւններուն:

Ան նաեւ հարց տուած է. «Երբ Իրան ազրպէյճանցի քաղաքացիներուն համար միակողմանիօրէն վերցուց մուտքի արտօնագիրի պայմանը, Պաքու ինչո՞ւ նոյն քայլին չդիմեց, եւ ներկայիս եւս փափաք չի յայտներ այդ քայլին դիմելու»:

Շարունակելով իր խօսքը` Հաղիղաթփուր ըսած է. «Երբ Ազրպէյճան Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ բարեկամական կապեր կը հաստատէ, ինչո՞ւ Ազրպէյճանի մէջ ոչ ոք ձայն կը բարձրացնէ»:

 

Նախորդը

Միշիկընի Նահանգապետը Ստորագրեց Ցեղասպանութեան Դասաւանդումը Պահանջող Բանաձեւը

Յաջորդը

Շաւարշ Քոչարեան Նախագահներուն Յառաջիկայ Հանդիպումը Լուրջ Փորձութիւն Կը Նկատէ Ազրպէյճանի Համար

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?