Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան Հայաստան պիտի այցելէ:
Ըստ աղբիւրին, 15 յունիսին Արամ արք. Աթեշեան կը մեկնի Ռուսիա, հոնկէ` Հայաստան, ուր պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հայաստանեան այցելութեան առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն: