Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եկեղեցւոյ զաւակները կը հրաւիրէ 24 յունիսին մասնակցելու Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի բարի գալստեան` Հրաշափառի արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 15:35-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Այս մասին տեղեկացուցած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը` նշելով, որ մուտքը ազատ է:
«Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրը կրող պապին այցելութիւնը պիտի սկսի նախագահական նստավայրէն: Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք սրբազան քահանայապետը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին. Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարի գալստեան` «Հրաշափառ»-ի արարողութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան սրբազան քահանայապետը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա` Հայաստանի իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիպումով:
25 յունիսի առաւօտեան սրբազան քահանայապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Հոնկէ` Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ, պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Գիւմրիի մէջ Հռոմի պապը նաեւ պիտի այցելէ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստան» կուսաստան, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ Եօթն Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Մայր տաճար: Նոյն օրը երեկոյեան Երեւանի մէջ` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի պիտի ունենայ էքիւմենիք արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք:
26 յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Հռոմի սրբազան քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, պիտի մասնակցի Ս. պատարագի արարողութեան եւ էքիւմենիք ճաշկերոյթին` Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ պատուիրակներուն եւ բարերարներուն հետ:
Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ: Նոյն օրը Ֆրանչիսկոս պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ: