Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Գերմանիան Կը Մեղադրէ Նամիպիացիներու Ցեղասպանութեան Համար

June 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan2_60616

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սապահաթթին Զայիմ համալսարանի ամավերջի հանդէսին ժամանակ իր արտասանած խօսքին ընթացքին անդրադարձած է Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Հէ՜յ, Գերմանիա, տե՛ս, դարձեալ կ՛ըսեմ` նախ եւ առաջ Ողջակիզումի, Նամիպիոյ մէջ շուրջ 100 հազար նամիպիացիներ սպաննելու, ոչնչացնելու հաշիւը պէտք է տաս», ըսած է Էրտողան` նշելով, որ Գերմանիան խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քուէարկութիւն կազմակերպելու նուազագոյն իրաւունքը ունեցող երկիրն է:

«Մեր պատմութիւնը զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւն չէ, մեր պատմութիւնը բարեգթութեան եւ կարեկցանքի պատմութիւն է, եւ մենք ատով ալ կը տարբերինք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Նշենք, որ Նամիպիական ցեղասպանութիւնը` 1904-1907 թուականներուն կայսերական Գերմանիոյ գաղութատիրական զօրքերուն կողմէ հերերօ եւ նամա ցեղերու անդամներուն մինչեւ 80 առ հարիւրին սպանութիւնն է հարաւարեւմտեան Ափրիկէի մէջ:  Ցեղասպանութեան զոհ գացած է 75.000 մարդ: Գերմանիան 2004-ին ընդունած է Նամիպիոյ մէջ ցեղասպանութեան փաստը:

Էրտողան դարձեալ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ շուրջ 100 հազար հայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իրենք զանոնք բոլորն ալ Հայաստան պիտի ուղարկէին, եթէ հայերու թշնամին ըլլային: Ան հրաւիրած է ուսումնասիրելու թրքական արխիւները եւ միայն ատկէ ետք իրենց դէմ մեղադրանքներ ներկայացնելու:

Ան անդրադարձած է նաեւ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին` թուրքերու կողմէ պատրաստուած ըլլալու փաստին` ըսելով. «Ի՞նչ թուրք: Անոնց արիւնը պէտք է տարրալուծարանական փորձաքննութեան ենթարկել»:

Գերմանական «Տի Ցայթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք թուրք երեսփոխանները սկսած են մահուան սպառնալիքներ ստանալ:

Կանաչներու կուսակցութենէն երեսփոխան Էօզքան Մութլու` պատկերասփիւռի կայանի մը յայտագիրէն խօսելով յայտարարած է, որ գերմանական խորհրդարանի բոլոր 11 թուրք երեսփոխաններն ալ սկսած են աննախադէպ մեծ քանակութեամբ սպառնալիքներ ստանալ:

Ուշագրաւ է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք,  Անգարայի քաղաքապետ, հակահայկական մօտեցումներով ծանօթ Մելիհ Կէօքչեք «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած էր լուսանկար մը, որուն մէջ պատկերուած էին Պունտեսթակի բոլոր թուրք երեսփոխանները: Լուսանկարը հազարաւոր օգտատէրերու կողմէ սկսած էր տարածուիլ` աւելի թիրախաւորելով Գերմանիոյ թուրք երեսփոխանները: Մութլու յայտնած է այն կարծիքը, որ իշխանութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ այդպիսի արարքը կրնայ նկատուիլ իբրեւ կոչ անոնց դէմ ինչ-ինչ գործողութիւններու դիմելու: «Այդպիսի խելագար պատճառով Թուրքիոյ մէջ շատերը մահացած են», նշած է Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք անդամը:

Սպառնալիքներու մեծ բաժին հասած է Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին նախաձեռնողներէն էր: Էօզտեմիրի բանբեր Մարք Պերհհոլտ յայտնած է, որ քաղաքական գործիչը տակաւին երբեք այնքան սպառնալիք չէ ստացած, որքան բանաձեւի որդեգրումէն ետք: Անոնք խնդիրի մասին յայտնած են Գերմանիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան, Էօզտեմիրի տան մօտ անվտանգութեան յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրուած են:

Նախորդը

Գերմանիա Պունտեսթակի Որոշումով Յոյս Ունի Հասնիլ Հայ-Թրքական Երկխօսութեան

Յաջորդը

Չեխիոյ Նախագահը Իր Երկրի Կառավարութեան Ու Խորհրդարանին Կոչ Պիտի Ուղղէ Գերմանիոյ Օրինակով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.