Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեանի Իրան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին Հաստատուեցաւ Երկկողմանի Յարաբերութեան Ամրութիւնը

Յունիս 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_Iran_60616

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 5 յունիսին Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Նալբանդեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ Հայաստանն ու Իրանը ունին ամուր եւ կայուն բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ կարեւոր նկատած է անոնց յաւելեալ ամրապնդումն ու խորացումը: Ան աւելցուցած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնութեան ձեռքբերումէն եւ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք լաւ կարելիութիւն ստեղծուած է բոլոր մարզերուն մէջ զարգացնելու առեւտրական եւ տնտեսական երկկողմանի կապերը, ուստի պայման է այդ առնչութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկել:

Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի նախագահին փոխանցած է Հայաստանի նախագահին ուղերձն եւ ջերմ ողջոյնները:

Իրանի նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով կնքուած համաձայնութիւններուն եւ տնտեսական միացեալ ծրագիրներու իրականացման ընթացքին, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Հասան Ռուհանի դիտել տուած է, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը թէեւ լաւ ընթացքի մէջ է, սակայն անոր յաւելեալ զարկ տալու ներուժ գոյութիւն ունի: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացումը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ բարեկամ ժողովուրդներու, յատկապէս գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու աշխուժացման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման:

Նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է կեանքի կոչուած եւ իրականացուող տնտեսական միացեալ ծրագիրներուն` ամրապնդելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` նոր յաւելեալ յաւակնոտ նախագիծեր մշակելու եւ իրագործելու թէ՛ ի շահ երկու դրացի երկիրներու տնտեսական զարգացման, եւ թէ՛ շրջանային համագործակցութեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններու հետեւանքներու յաղթահարման քայլերուն, մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող ջանքերուն: Այս պարունակին մէջ նախագահ Ռուհանի ընդգծած է, որ Իրան մնայուն կերպով սատարած է շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, գոյութիւն ունեցող  խնդիրներու խաղաղ լուծման` վերահաստատելով, որ իր երկիրը կը սատարէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով: Իրանի նախագահը խնդրած է իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները հաղորդել Հայաստանի նախագահին` նշելով, որ մտադիր է մօտ օրէն Հայաստան այցելել:

Նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ. հանդիպման կարեւորագոյն իրադարձութիւնը եղած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման վերաբերող յուշագիրի ստորագրութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուած է, որ Իրան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ բարեկամ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխադարձ գործակցութեան` համոզում յայտնելով այն մասին, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները կարելիութիւն պիտի տան առաւել եւս ամրապնդելու եւ խորացնելու այդ կապերը:

Էդուարդ Նալբանդեան եւս կարեւոր նկատած է փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ առկայ ամուր հիման վրայ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու զարգացումը:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ Իրանի նախագահին Հայաստան նախատեսուող այցելութիւնը կարեւոր լիցք պիտի հանդիսանայ հայ-իրանական փոխադարձ գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու համար: Այս պարունակին մէջ երկուստեք վերահաստատուած է յանձնառութիւնը` հետեւողական ջանքեր գործադրելու միացեալ ծրագիրներու իրականացման նպատակով:

Նախարարները քննարկած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու խթանման, երկու երկիրներուն մէջ միջազգային տնտեսական ցուցահանդէսներուն փոխադարձ մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Անոնք յատկապէս կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը` մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման վերաբերեալ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան հաստատման շուրջ: Անոնք անդրադարձած են շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Արցախի դէմ ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած յարձակումը, Վիեննայի վեհաժողովին արդիւնքները` բարձր գնահատելով միջազգային իրաւունքի հիման վրայ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման վերաբերեալ Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը:

6 յունիսին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցած է Իրանի փոխնախագահ, հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհիի հետ, որ ընդգծած է, թէ միշտ ալ ուրախալի է հանդիպում ունենալ իր լաւ բարեկամին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, որուն հետ սերտօրէն համագործակցած է, երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարար էր:

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր, միտքեր փոխանակած են միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ: Ալի Աքպար Սալեհի Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուցած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գործադրութիւնը:

Նոյն օրը նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-իրանական փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել խորացման նպատակով ձեռնարկուող միացեալ քայլերը, բարձր մակարդակով կնքուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին մանրամասնութիւնները: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են խաղաղ միջոցներով տագնապի լուծման գծով: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման նպատակով գործադրուող ջանքերուն:

 

 

Նախորդը

Չեխիոյ Նախագահը Իր Երկրի Կառավարութեան Ու Խորհրդարանին Կոչ Պիտի Ուղղէ Գերմանիոյ Օրինակով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Ռուսիոյ Հետ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգի Ստեղծման Համաձայնագիրին

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?