ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը կողմ է Ռուսիոյ հետ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգ ստեղծելու համաձայնագիրին: Անդրադառնալով Ռուսիոյ հետ միասնական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու համաձայնագիրին առնչութեամբ հնչող դժգոհութիւններուն` ան նշած է, որ իրենք միշտ ներկայացուցած են իրենց այն դիրքորոշումը, որուն համաձայն, եթէ չունիս աւելի լաւ համակարգ, պէտք է զօրացնես ունեցածդ: «Հիմա մենք եղածէն կրնանք դժգոհութիւններ ունենալ, եւ ունինք, կը կիսենք այն մտահոգութիւնները, որ եղան ապրիլեան պատերազմէն ետք, մենք այդ մտահոգութիւնները յայտնած ենք, բայց պէտք չէ իյնալ միւս ծայրայեղութեան մէջ: Այսինքն, բոլոր անոնք, որոնք դէմ են, իրենք աւելի լաւ առաջարկ ունի՞ն: Ես կը կարծեմ, որ մենք այսօր չունինք այլընտրանք, քան այն, ինչ որ կայ մեր ձեռքին տակ», ըսած է Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, պէտք չէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին արդիւնքները ներկայացնել այդքան ծայրայեղ յոռետեսութեամբ: «Կ՛ըսեն, թէ այդ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մեր անվտանգութեան համակարգը լաւ չէ: Գիտէք, ի վերջոյ մենք ապրիլեան պատերազմին ընթացքին յաջողութեան հասած ենք: Մենք կասեցուցած ենք թշնամիին յարձակումը: Եթէ անվտանգութեան համակարգը այդքան վատ ըլլար, մենք ատիկա նոյնիսկ պիտի չկարենայինք ընել: Պէտք չէ իյնալ միւս ծայրայեղութեան մէջ եւ ըսել, թէ ինչ որ մենք մինչեւ հիմա ունեցած ենք, սխալ է, պէտք է ջնջենք ամէն ինչ ու սկսինք զերոյէն: Մենք նախ պէտք է հասկանանք, որ միասնական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ստեղծումը կ՛ենթադրէ ընդհանուր շրջանային անվտանգութեան ապահովման խնդիրի լուծում: Իսկ մենք միայն մէկ սահմանով կռիւ չունինք: Մենք ունինք պատերազմական իրավիճակ Ազրպէյճանի հետ, բայց կայ նաեւ Թուրքիան, որ մեր քիթին տակ կը դասաւորուի եւ սպառնալիք է մեզի համար: Անոնց երրորդ դաշտային բանակը տեղակայուած է մեր սահմաններուն մօտ: Այսինքն, այդ յայտարարութիւնները պէտք է տրամաբանուած ըլլան, եւ մարդիկ պէտք է հասկնան, որ նման յայտարարութիւնները մեր շահերէն չեն բխիր», հաստատած է Ռուստամեան:
Ռուստամեան աւելցուցած է, որ քառօրեայ պատերազմէն ետք օրակարգի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը պէտք է դառնայ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք չէ դուրս մնայ որեւէ կառոյցէ, ուր կը գտնուի Հայաստան, եւ որ կը լուծէ անվտանգութեան եւ մարդասիրական խնդիրներ: «Ասիկա, կը կարծեմ, որ գլխաւոր հարցն է, որ պէտք է լուծուի: Ես կը կարծեմ, որ հանրապետութեան նախագահի վերջին յայտարարութիւնը, որ կատարուեցաւ Աստանայի մէջ, անոր միտուած էր, որ Հայաստանը չէր կրնար մէկ կողմ քաշուիլ` տեսնելով Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Ասիկա այն ճիշդ հարցադրումն է, որմէ պէտք է բխին այլ քայլեր: Այսինքն, մենք մեր բոլոր գործընկերներուն առջեւ պէտք է յստակօրէն դնենք, որ մեր անվտանգութեան համակարգը միասնական է», եզրափակած է Ա. Ռուստամեան:
ՀՀԿ-ՀՅԴ Խորհուրդը Պիտի Գլխաւորէ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանը
ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական համագործակցութեան մասին յուշագիրով առաջարկուած խորհուրդի ստեղծումը կեանքի կոչուած է: Շուրջ երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած է խորհուրդի առաջին նիստը:
Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Մենք որոշած ենք, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժէ խորհուրդին մէջ ներկայացուած ըլլայ 4 ներկայացուցիչ, իսկ խորհուրդը պիտի նախագահէ Սերժ Սարգսեան», ընդգծած է Ռուստամեան:
Ան աւելցուցած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը քիչ մը խախտած է իրենց ժամանակացոյցը: «Մենք անդրանիկ նիստը գումարած ենք, ուր նախանշած ենք մեր հետագայ աշխատանքային պատկերը` ժամանակացոյցով, յստակ ձեւաչափերով: Գլխաւոր հարցը, որ դրած ենք, այն է, որ գիտէք, որ մենք ստորագրած ենք ՀՀԿ-ի հետ յայտնի համագործակցութեան համաձայնագիրը, որ յստակ ուղղութիւններ կը նշէ: Այդ կարգին են` մենաշնորհային խնդիրները, հակափտածութեան պայքարը եւ այլն: Մենք համաձայնած ենք, որ այդ համագործակցութեան պայմանագիրը պէտք է վերածուի գործողութիւններու ծրագիրի, ժամանակացոյցի, որ աւելի պարզ, յստակ դառնայ, թէ մենք ի՛նչ քայլերով կ՛երթանք այդ համագործակցութեան համաձայնագիրը իրականացնելու ուղղութեամբ», ընդգծած է Արմէն Ռուստամեան: Անոր համաձայն, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ամիսը մէկ անգամ խորհուրդի փակ նիստ գումարելու: