Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայ-Չինական Յարաբերութիւններու Զարգացումը Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւններէն Է»

June 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

china_60616

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Չինաստանի պետական խորհուրդի առաջին փոխվարչապետ Չան Կաոլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ողջունելով հիւրիը` նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Չինաստանի առաջին փոխվարչապետին այցելութիւնը Հայաստան կը վկայէ հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին եւ զանիկա ամրապնդելու փոխադարձ ցանկութեան մասին: Նշելով, որ Չինաստանը Հայաստանի կարեւոր միջազգային գործընկերներէն է, Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ հայ-չինական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ-չինական փոխադարձ գործակցութիւնը հետեւողականօրէն զարգացած եւ ընդլայնուած է` ներառելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզեր:

Հայաստանի նախագահը եւ Չինաստանի առաջին փոխվարչապետը նշած են, որ հակառակ արտաքին տնտեսական ցնցումներուն, վերջին տարիներուն աշխուժ կերպով կը զարգանայ հայ-չինական տնտեսական համագործակցութիւնը: Միացեալ ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին  արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ, անոնց համոզումով, կարեւոր խթան են երկկողմանի յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար:

Չինաստանի առաջին փոխվարչապետը կարեւոր նկատած է Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ Չինաստանի համագործակցութիւնը` նշելով, որ Հայաստանը իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւն կրնայ իր ներդրումը ունենալ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններու յառաջ մղումի գործին մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Ռուսիոյ Հետ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգի Ստեղծման Համաձայնագիրին

Յաջորդը

Ակնարկ. Բարոյական Եւ Քաղաքական Շարժառիթներ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.