Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները
Համաձայնած Են Հանդիպիլ Յունիսին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) 31 մայիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ 2 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ իրենց ունեցած հանդիպումին մասին իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած են, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է Վիեննայի մէջ 16 մայիսին տեղի ունեցած վեհաժողովին ժամանակ որդեգրուած որոշումներու կեանքի կոչման հարցը:
«Նախարարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են փաստաթուղթեր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդլայնելու եւ ԵԱՀԿ-ի հետախուզական մեքանիզմներ ներդնելու հարցին շուրջ:
«Նախարարները հաստատած են նախագահներուն համաձայնութիւնը` յունիսին կատարելու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` նպատակ ունենալով վերսկսելու բանակցութիւնները համապարփակ լուծման շուրջ», կ՛ըսուի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:
Նալբանդեանի Հետ Հանդիպումը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ 2 յունիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ նախարար Նալբանդեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ համանախագահներու առաջարկներու մանրամասնութիւնները:
Կարեւոր նկատուած է 16 մայիսին Վիեննայի վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումը` հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման յանձնառութիւնը, 1994-1995 թուականներու զինադադարին վերաբերեալ համաձայնագիրի անշեղ իրականացումը, տագնապի գօտիին մէջ առաւել արդիւնաւէտ հսկողութեան իրականացման եւ հետաքննութեան մեքանիզմի ձեւաւորման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, որոնք անհրաժեշտ պայմաններ պիտի ստեղծեն բանակցային հոլովոյթին վերսկսելու համար:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անդրադառնալով հանդիպումին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է.«Հիանալի քննարկում ունեցանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Վիեննայի վեհաժողովի որոշումներու իրականացման հարցին, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի հետաքննական մեքանիզմի ստեղծման առաջարկին վերաբերեալ»:


